Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԲ­րի­տա­նա­կան «­Մեր­կեր» ըն­կե­րու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կած է կեան­քի ո­րա­կի վե­րա­բե­րեալ տա­րե­կան վար­կան­շա­յին ա­ղիւ­սա­կը, ո­րուն մէջ ներա­ռուած են աշ­խար­հի 230 մեծ քա­ղաք­ներ: Հ­րա­պա­րա­կուած վար­կա­նի­շին հա­մա­ձայն՝ կեան­քի ո­րա­կով լա­ւա­գոյն քա­ղա­քը Աւստ­րիոյ մայ­րա­քա­ղաք Վիեն­նան է, իսկ վա­տա­գոյ­նը՝ Ի­րա­քի մայ­րա­քա­ղաք

Պաղ­տա­տը: Ցան­կին մէջ երկ­րորդ դիր­քի վրայ է Զո­ւի­ցե­րիոյ մայ­րա­քա­ղաք Ցիւ­րի­խը, եր­րորդ՝ Նիւ Զե­լան­տա­յի Օք­լենտ քա­ղա­քը։ Ե­րե­ւա­նը գրա­ւած է 182րդ դիր­քը՝ իր ե­տին ձգե­լով Թիֆ­լիսն ու Պա­քուն, ո­րոնք հա­մա­պա­տաս­խա­նա­բար գրա­ւած են 188րդ­ եւ 197րդ դիր­քե­րը։ Այս ա­ղիւ­սա­կի կազ­մու­թեան ա­տեն նկա­տի կ­՛առ­նո­ւին 39 գոր­ծօն­ներ, ո­րոնք խմբա­ւո­րուած են 10 բա­ժին­նե­րու՝ քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին-մշա­կու­թա­յին մի­ջա­վայ­րը, անվ­տան­գու­թիւ­նը, բնա­պահ­պա­նու­թիւ­նը, բժշկու­թեան եւ կրթու­թեան մա­կար­դա­կը, սպա­ռո­ղա­կան ապ­րանք­նե­րու, պե­տա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու, եր­թե­ւե­կի, եւ կա­ցա­րա­նի: