ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոնին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացուի, որ Դիլիջանէն երեք ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Տաւուշի սահմանամերձ Վազաշէն, Ներքին Կարմիրաղբիւր, Այգեպար, Սարիգիւղ, Բերքաբեր, Բաղանիս, Պառաւաքար, Մովսէս, Չինարի, Ոսկեւան,
Կոթի, Բարեկամաւան ու Ծաղկաւան գիւղերու բնակիչներէն շուրջ եօթանասուն պատանիներ արդէն վեց ամիս է «ԹՈՒՄՕ Դիլիջան»ի ուսանողներ են:
Անոնք ԹՈՒՄՕի, «Հայրենիքի դարպասներ» կազմակերպութեան ու «Beeline Armenia»ի միացեալ «Սահմանամերձ գիւղերի երեխաները՝ ԹՈՒՄՕում» ծրագիրի մասնակիցներն են: Երբ ամիսներ առաջ ծրագիրը սկսաւ, նոր թումոցիները երեսուն հոգի էին, իսկ դասերուն տեւողութիւնը՝ երեք ամիս: Ծրագիրները փոխուեցան, ուսանողներուն թիւը աւելցաւ, որովհետեւ կազմակերպիչներուն համար յստակ երեւցաւ այդ երեսուն պատանիներուն կրած փոփոխութիւնը:
«Նրանք ոչ միայն արդիական հմտութիւններ են ձեռք բերել, այլեւ աւելի բաց են դարձել, անկաշկանդ: Ազատօրէն են ապագայի ծրագիրներ կազմում, որովհետեւ գիտեն՝ որտեղ այժմէական գիտելիքներ ստանալ»,- ըսած է «Հայրենիքի Դարպասներ» կազմակերպութեան հիմնադիր եւ նախագահ Արման Հայրապետեան: Ամէն Շաբաթ օր Դիլիջանի ԹՈՒՄՕ կեդրոն այցելելով՝ ծրագիրի մասնակիցները ծանօթացած են կեդրոնի հիմնական կրթական ոլորտներուն, ամբողջացուցած են ինքնուսուցման սկզբնական հանգրուանը եւ ներկայիս կ՛որոշեն, թէ ի՛նչ է իրենց հետաքրքրութեան ուղղութիւնը։
«ԹՈՒՄՕ Դիլիջան»ի համակարգող Տաթեւ Մանտոյեան՝ անդրադառնալով ուսանողներուն հետ ունեցած զրոյցներուն եւ կազմած տպաւորութեան, ըսած է.- «Դէ՜, բոլոր քաղաքների, տարիքի ու սեռի թումոցիների ամենասիրելի ուղղութիւններից մէկը ռոբոտաշինութիւնն է, ու այս նախագծի ուսանողներն էլ, ի հարկէ, այդ թւում են: Բայց բացի դրանից մի հետաքրքիր փաստի հանդիպեցի՝ սահմանամերձցիները յատկապէս հետաքրքրուած են շարժանկարի ժապաւէնների ստեղծմամբ, լուսանկարչութեամբ ու ընդհանրապէս՝ մեդիայի ոլորտով: Նրանցից մէկը անգամ վարում է իր գիւղի ֆեյսբուքեան էջը:
Կարծում եմ՝ սրա պատճառը իրենց ցանկութիւնն է աշխարհին պատմելու իրենց գիւղերի մասին: Սա շատ ոգեշնչող է, որովհետեւ ցոյց է տալիս, որ հետաքրքրուող, պրպտող լինելուց բացի, այս երիտասարդները նաեւ գիտակից քաղաքացիներ են»: