Փետրուար 22ի առաւօտեան մահացած է հայ իրականութեան ամենալուսաւոր մարդոցմէ մէկը` պատմաբան, աղբիւրագէտ Պետրոս Յովհաննիսեան: Այս մասին կը հաղորդէ Times.am։
Պետրոս Յովհաննէսի Յովհաննիսեան ծնած է 1944 թուականի Յունիս 22ին Գիւմրի` Հայոց Մեծ եղեռնէն մազապուրծ փրկուած երզնկացի Յովհաննէսի բազմանդամ ընտանիքին մէջ: Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է նոյն քաղաքի Վլ. Մայակովսքիի անուան թիւ 5 միջնակարգ դպրոցին մէջ, որմէ ետք Պ. Յովհաննիսեան յաջողութեամբ յանձնած է ընդունելութեան քննութիւնները եւ ընդունուած է Ե.Պ.Հ. պատմութեան բաժանմունք` ընտրելով հայոց պատմութեան ուսումնասիրութեան բնագաւառը:
Ուսումնառութեան շրջանին ան կը զօրակոչուի բանակ եւ շուրջ երեք տարի խորհրդային բանակին մէջ ծառայելէ յետոյ, կը շարունակէ ուսումը ու 1970ին կ՝աւարտէ Ե.Պ.Հ. պատմութեան բաժանմունքը: Նոյն թուականին կ՝ընդունուի ասպիրանտուրա՝ Հայոց Պատմութեան ամպիոնի գծով եւ 1976ին յաջողութեամբ կը պաշտպանէ թեկնածուական ատենախօսութիւնը` փրոֆ. Ս. Պօղոսեանի ղեկավարութեամբ: Այնուհետեւ կ՝աշխատի հայոց պատմութեան ամպիոնի մէջ իբրեւ գիտաշխատող, ամպիոնի վարիչ, աւագ դասախօս, ապա` դոցենտ, այժմ` փրոֆեսոր:
2013էն մինչեւ օրս կը ղեկավարէր Ե.Պ.Հ. Հայոց Պատմութեան ամպիոնի աշխատանքները: Ընթերցող հասարակութեան մեծ մասին յայտնի են Պ. Յովհաննիսեանի հայ թագաւորներու, կաթողիկոսներու, հասարակական-պետական նշանաւոր գործիչներու մասին Հ.Հ. հանրագիտարաններու եւ «Քրիստոնեայ Հայաստան» հանրագիտարանի բազմաթիւ յօդուածները: Ան շարք մը գիտական խորհուրդներու անդամ էր եւ գիտական բազմաթիւ զեկուցումներով հանդէս եկած է հանրապետական ու միջազգային շարք մը գիտաժողովներու մէջ:
Իր գիտամանկավարժական անբասիր գործունէութեան համար 2009 թուականին Հ.Հ. նախագահին հրամանագիրով Պ. Յ. Յովհաննիսեանին շնորհուած է Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր մանկավարժի պատուաւոր կոչում: