Արցախի սահմանամերձ Մատաղիս աւանին մէջ, Փետրուար 16ին, կայացաւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի բարձրաստիճան զինուորականներուն համար կառուցուած բազմաբնակարան բնակելի շէնքի բացման հանդիսութիւնը: Սպաներու բնակարանամուտի արարողութեան մասնակցած է նաեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան։ Այս մասին կը յայտնէ Արցախի ղեկավարի կայքէջը: Նշենք, որ նախորդ տարի՝ 2015ի Նոյեմբերին,Ստեփանակերտի մէջ 176 բնակարան յանձնուած է սպաներուն։