Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­alt2016 թո­ւա­կա­նի ­Սեպ­տեմ­բե­րին կը սպա­սո­ւի Հ­ռո­մի Ֆ­րան­չիս­կոս Պա­պի այ­ցը ­Մայր Ա­թոռ Սբ. Էջ­միա­ծին. այս մա­սին յայ­տա­րա­րո­ւած է ­Փետ­րո­ւար 16-18ին ­Մայր Ա­թո­ռի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ­Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի` ընդ­լայ­նո­ւած կազ­մով ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին, կը հա­ղոր­դէ «­Սի­վիլ­նէթ»ը: Այ­ցը կազ­մա­կեր­պե­լու առն­չու­թեամ­բ ­Մայր

Ա­թո­ռը կա­պի մէջ է ­Վա­տի­կա­նի հետ:

Հ­ռո­մի Պապ Ֆ­րան­չիս­կո­սի` ­Հա­յաս­տան սպա­սո­ւող այ­ցի մա­սին մա­մու­լը տե­ւա­կան ժա­մա­նա­կէ կը գրէ: Հ.Հ. նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան դեռ 2014ի ­Սեպ­տեմ­բե­րին Հ­ռո­մի Պա­պին պաշ­տօ­նա­պէս հրա­ւի­րած էր 2015 թուա­կա­նին այ­ցե­լել ­Հա­յաս­տան: ­Հա­մա­ձայն նա­խա­գա­հի մա­մու­լի գրա­սե­նեա­կի հա­ղոր­դագ­րու­թեան` Ֆ­րան­չիս­կոս Պա­պը ըն­դու­նած էր հրա­ւէ­րը` վստա­հեցնե­լով, որ իր սրտի ցան­կու­թիւնն է գալ ­Հա­յաս­տան:

­Վեր­ջին շրջա­նին մա­մու­լի մէջ կը նշո­ւէին Ֆ­րան­չիս­կոս Պա­պի` ­Հա­յաս­տան այ­ցի հնա­րա­ւոր տար­բեր ամ­սա­թի­ւեր, ո­րոնց մէջ` 2016ի Ապ­րի­լը: Ան­ցեալ շա­բաթ ի­տա­լա­կան La Stampa թեր­թը գրած էր, որ ­Վա­տի­կան կ­՛աշ­խա­տի Հ­ռո­մի Պա­պի` ­Հա­յաս­տան հնա­րա­ւոր այ­ցի կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թեամբ: ­Պար­բե­րա­կա­նը նշած էր, որ այ­ցի նախ­նա­կան ժամ­կէտ սահ­մա­նո­ւած էր ­Յու­նի­սը, սա­կայն այդ ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծի­ն Կ­րե­տէի մէջ պի­տի  կա­յա­նայ ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու սի­նո­դը, ուս­տի այ­ցը, ա­մե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Սեպ­տեմ­բե­րին: La Stampaն գ­րած էր նաեւ, որ Ֆ­րան­չիս­կո­սի հա­յաս­տա­նեան այ­ցի ծի­րէն ներս կը նա­խա­տե­սո­ւին այ­ցեր նաեւ Վ­րաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան: Ֆ­րան­չիս­կոս Պա­պը ­Կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ երկ­րորդ ա­ռաջ­նորդն է, որ պի­տի այ­ցե­լէ ­Հա­յաս­տան: