Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՀ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան 18 ­Փետրուա­րին «Ա­զա­տու­թիւն» կա­յա­նին տո­ւած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին նշած է, որ եր­կու ու­ժե­րուն մշա­կած փաս­տա­թուղ­թը պի­տի կո­չո­ւի «­Քա­ղա­քա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին հա­մա­ձայ­նա­գիր»:

Ան դի­տել տո­ւած է, որ տա­րած­քա­յին կա­ռա­վար­ման եւ ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րա­րու­թեան տա­րան­ջա­տու­մը ­Դաշ­նա­կա­ցու­թեան եւ ­Հան­րա­պե­տա­կա­նին մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռա­ջին դրսե­ւո­րումն է՝ դի­տել տա­լով, որ եր­կու նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու ան­ջա­տու­մէն ետք տե­ղա­կան կա­ռա­վար­ման նա­խա­րար պի­տի նշա­նա­կո­ւի ­Դա­ւիթ ­Լո­քեա­նը: «Այդ հար­ցե­րը նոյն­պէս քննար­կո­ւել են այս ըն­թաց­քում, սա նոյն­պէս ե­ղել է մեր բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րի թե­ման: Այն­պէս որ, սա ար­դէն ա­ռա­ջին, էս­պէս ա­սած՝ մեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներն են, եւ էդ խնդիր­նե­րը նա­խա­պէս քննար­կո­ւել են»,- ը­սած է Ար­մէն ­Ռու­սա­մեան:

­Պա­տաս­խա­նե­լով լրագ­րող ­Ռու­զան­նա Ս­տե­փա­նեա­նի այն հար­ցու­մին, թէ նշեալ նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ան­ջատ­ման ա­ռա­ջար­կը ­Դաշ­նակ­ցու­թի՞ւ­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած է՝ ­Ռուս­տա­մեան ը­սած է.- «­Հա­մա­տեղ, կա­րե­լի է ա­սել: ­Մենք հի­մա էս­տեղ չենք ու­զում ա­ռանձ­նաց­նել յատ­կա­պէս մեր մօ­տե­ցում­նե­րը: ­Մենք դա ա­րել ենք հա­մա­խո­հա­բար, եւ սա ա­ռա­ջին, էս­պէս ա­սած, դե­ռեւս չստո­րագ­րո­ւած հա­մա­ձայ­նագ­րի դրսե­ւո­րումն է»: Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան դի­տել տո­ւած է, որ ­Հան­րա­պե­տա­կա­նին հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծի­րին մէջ տա­րած­քա­յին կա­ռա­վար­ման նա­խա­րա­րու­թե­նէն բա­ցի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան պի­տի տրուին նաեւ եր­կու՝ կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան ու տնտե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը։

Ան հաս­տա­տած է, որ կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րար պի­տի նշա­նա­կո­ւի ­Լե­ւոն Մկրտ­չեա­նը, տնտե­սու­թեան նա­խա­րար՝ Ար­ծո­ւիկ ­Մի­նա­սեա­նը: Հ.Յ.­Դ.ին պի­տի տրո­ւին նաեւ Ա­րա­գա­ծոտ­նի եւ ­Շի­րա­կի մարզ­պետ­նե­րուն պաշ­տօն­նե­րը: ­Տե­ղե­կաց­նե­լով, որ ­Հան­րա­պե­տա­կա­նին եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մի­ջեւ ստո­րագ­րո­ւե­լիք փաս­տա­թուղ­թը պի­տի կո­չո­ւի «­Քա­ղա­քա­կան հա­մա­գոր­ծա­կա­ցու­թեան մա­սին հա­մա­ձայ­նա­գիր»՝ Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան դի­տել տո­ւած է, որ հոն փոխ­զի­ջու­մա­յին տար­բե­րա­կով տեղ պի­տի գտնեն այն բո­լոր հար­ցե­րը, զորս եր­կու ու­ժե­րը կը նկա­տեն հրա­տապ, եւ ո­րոնք պէտք է լու­ծո­ւին միա­ցեալ ջան­քե­րով։