Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԱ­մէն տա­րի, Փետ­րո­ւար 14ին, կը նշո­ւի Տեառ­նըն­դա­ռա­ջը, որ քա­ռաս­նօ­րեայ Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի տա­ճար ըն­ծայ­ման օրն է:

Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի օ­րը Հա­յաս­տա­նեայց ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ Սուրբ պա­տա­րագ կը մա­տու­ցո­ւի, տե­ղի կ­՛ու­նե­նայ ան­դաս­տա­նի ա­րա­րո­ղու­թիւն, կ­՛օրհ­նո­ւին երկ­րի չորս կող­մե­րը, որ­պէս­զի տա­րին ըլ­լայ ար­գա­սա­բեր, ա­պա տե­ղի կ­՛ու­նե­նայ նա­խա­տօ­նա­կի ժա­մեր­գու­թիւն, որ­մէ ետք բա­կե­րուն մէջ կրակ կը վա­

ռեն, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը այդ կրա­կէն մո­մեր վա­ռե­լով տուն կը տա­նին` Ք­րիս­տո­սի աս­տո­ւա­ծա­յին լոյ­սով ի­րենց օ­ճախ­նե­րը օրհ­նու­թեամբ լեց­նե­լով:

Երբ Յի­սուս Ք­րիս­տոս քա­ռա­սուն օ­րո­ւան կ­՛ըլ­լայ, Յով­սէփն ու Մա­րիամ Աս­տո­ւա­ծա­ծի­նը զայն կը տա­նին Աս­տու­ծոյ տա­ճա­րը. մեծ աղ­մու­կով կը բա­ցուին տա­ճա­րի ա­րե­ւե­լեան դռնե­րը, ո­րոնք փակ էին դա­րե­րէ ի վեր: Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ փոք­րիկ Յի­սու­սը տես­նե­լով` ա­նոր ըն­դա­ռաջ կու գայ Սի­մէոն ծե­րու­նին, ո­րուն Աս­տո­ւած խոս­տա­ցած էր, թէ պի­տի չմա­հա­նայ, մին­չեւ տես­նէ աշ­խար­հին Փր­կի­չը:

Սի­մէոն ծե­րու­նին կ­՛ը­սէ. «Կրնամ խա­ղա­ղու­թեամբ մա­հա­նալ, ո­րով­հե­տեւ տե­սայ Քու խոս­տա­ցած փրկու­թիւնդ»: Հոս­կէ ծա­գած է տօ­նին ա­նու­նը: ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջը ժո­ղովրդա­յին լե­զո­ւով կո­չո­ւած է նաեւ «­Տէ­րըն­տես» կամ «­Տը­րըն­դէզ»: Իսկ բա­ռա­ցի ի­մաս­տով կը նշա­նա­կէ ել­լել դէ­պի Տի­րոջ առ­ջեւ կամ Տէ­րը դի­մա­ւո­րել:

Հայ հե­թա­նոս­նե­րը «­Տէ­րըն­տես» կը կո­չէին տօ­նը, ո­րով­հե­տեւ կը հա­ւա­տա­յին, որ երբ հան­դի­սա­ւո­րա­պէս պաշ­տա­մունք կը մա­տու­ցէին կրա­կի աս­տու­ծոյն` Միհ­րին, դպրու­թեան աս­տո­ւած` Տի­րը նոյն օ­րը կար­ձա­նագ­րէր ի­րենց բա­րի եւ չար գոր­ծե­րը: Ուս­տի, ա­նոնք այս հան­դէ­սը կա­տա­րե­լով` յոյ­սը կու­նե­նա­յին, որ Տի­րը ար­դար ճշգրտօ­րէն ար­ձա­նագ­րէ ի­րենց գոր­ծե­րը: Ս. Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ հե­թա­նո­սա­կան տօ­նե­րը քրիս­տո­նէա­կա­նի փո­խե­լով` Տի­րի հան­դէ­սը կո­չեց Տեառ­նըն­դա­ռաջ:

Տեառ­նըն­դա­ռա­ջին խա­րոյկ վա­ռե­լը լու­սա­ւո­րե­լու` գիրն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը, ար­ժէք­ներն ու հարս­տու­թիւն­նե­րը պահ­պա­նե­լու գա­ղա­փա­րը կը կրէ նաեւ: Ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, այս տօ­նին նո­րապ­սակ փե­սա­նե­րը քա­հա­նա­յին կող­մէ կը հրա­ւի­րո­ւէին ե­կե­ղե­ցի, ա­նոնք ա­տեա­նին մէջ կանգ­նե­լով` կը մաս­նակ­ցէին ժա­մեր­գու­թեան, ի­րենց ձեռ­քե­րուն մէջ վա­ռած մեղ­րա­մո­մե­րով: Խա­րոյ­կը ի­րենք կը պատ­րաս­տէին, կը վա­ռէին, ե­կե­ղեց­ւոյ թա­փօ­րին հետ ե­րեք ան­գամ շուր­ջը կը դառ­նա­յին` եր­գե­լով ու պա­րե­լով, ա­պա հար­սե­րուն հետ ե­րեք ան­գամ կը ցատ­կէին վրա­յէն: Նա­խա­պէս նո­րապ­սակ փե­սա­նե­րը ի­րա­ւունք չու­նէին հար­սին ծնող­նե­րը տես­նե­լու, մին­չեւ Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի տօ­նին, խա­րոյ­կին վրա­յէն ցատ­կե­լը, վե­րաց­նե­լով այ­ցե­լու­թիւն կա­տա­րե­լու պար­տա­դիր ար­գել­քը: Ինչ­պէս նաեւ նո­րա­հար­սե­րը նո­ւէր­ներ կը ստա­նա­յին ի­րենց ա­մու­սին­նե­րէն: Այս կա­տա­րու­մը կը կո­չո­ւէր «խզես­ցուք զկա­պանս», այ­սինքն` փրկել փե­սան կա­պան­քէ, ա­զա­տու­թիւն շնոր­հե­լով ա­նոր ա­նե­րոջ տու­նը եր­թա­լու: Այս պատ­ճառ­նե­րով տօ­նը մե­ծա­պէս կը վե­րա­բե­րի նոր ա­մուս­նա­ցած զոյ­գե­րուն:

Հա­ւա­տա­ցեալ­ներ նաեւ կը ցատ­կէին խա­րոյ­կին վրա­յէն` թօ­թո­ւե­լով ի­րենց հա­գուստ­նե­րուն փո­շի­նե­րը, որ­պէս նշա­նակ ի­րենց բո­լոր ցա­ւե­րուն ու տա­ռա­պանք­նե­րուն այ­րե­լը կրա­կին մէջ: Ցատ­կե­լու ըն­թաց­քին կար­տա­սա­նէին նշա­նա­ւոր խօս­քեր, ինչ­պէս` «­Տէ­րըն­տես, մարդ ին­ծի տաս, ես խնդամ…, դուն լաս», «Եր­թամ ը­նեմ բա­րու­թիւն, հո­գիս եր­թայ ար­քա­յու­թիւն»…

Խա­րոյ­կի ծու­խին ուղ­ղու­թեամբ կո­րո­շէին, թէ որ կող­մի դաշ­տե­րը բեր­րի պի­տի ըլ­լա­յին: Կը հա­ւա­տա­յին, թէ կը պատ­ճա­ռէ ե­ղա­նա­կի բա­րե­խառ­նու­թիւն եւ հունձ­քի ա­ռա­տու­թիւն: Ա­նոր մո­խի­րը կը ցա­նէին ար­տե­րու եւ ա­գա­րակ­նե­րու մէջ` որ­պէս նշան օրհ­նու­թեան եւ ար­գա­սա­բե­րու­թեան:

Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի սե­ղա­նը կը զար­դա­րո­ւէր շարք մը կե­րակ­րա­տե­սակ­նե­րով, ո­րոնց­մէ են` դդու­մի կո­րի­զը, նա­բա­թը, սի­սե­ռըՏեառ­նըն­դա­ռա­ջի տօ­նին Ք­րիս­տո­սի օ­րի­նա­կով ծնող­ներ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը ե­կե­ղե­ցի կը բե­րէին Տի­րոջ ըն­ծա­յա­բե­րե­լու: Ա­պա կայ­ցե­լէին ազ­գա­կան­նե­րուն, ո­րոնք փոք­րիկ­նե­րուն աչ­քը համ­բու­րե­լով` նո­ւէր­ներ կու տա­յին եւ կը շնոր­հա­ւո­րէին ծնող­նե­րը այս տօ­նին ա­ռի­թով: