Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի ուղեկցութեամբ, մեկնած է Արժանթինի մայրաքաղաք, ուր հանդիպումներ ունեցած է մեծահարուստ բարերարներու հետ, Ղարաբաղի մէջ տնտեսական, հասարակական եւ կրթական ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով:

Նոյեմբեր 29ին, ԼՂՀ նախագահը հանդիպեցաւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, թէ Հայաստան աւանը արժանթինահայ համայնքի կարեւոր օճախներէն մէկն է, որ մեծապէս կը նպաստէ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ ներհամայնքային կապերու ամրապնդման:
Հանդիպման ընթացքին Բակօ Սահակեան անդրադարձած է Արցախի կեանքին, հանրապետութեան ձեռքբերումներուն եւ գալիք ծրագիրներուն:
ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան այցելած է նաեւ հայ եւ արժանթինցի ժո-ղովուրդներու բարեկամութեան խորհրդանիշներէն մէկը հանդիսացող ու Արժանթինի մայրաքաղաք Պուենոս Այրեսի մէջ գտնուող «Արմէնիա» հրապարակը:
Ձեռնարկներուն մասնակցած են Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Արժանթինի, Ուրուկուէյի եւ Չիլիի մօտ ՀՀ դեսպան Վլատիմիր Կարմիրշալեան, ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք:
Տակաւին յստակ չէ, թէ Բակօ Սահակեան պիտի հանդիպի՞ արդեօք արժանթինցի օրէնսդիրներու հետ։
Նշենք, որ Արժանթինի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանը շուրջ տասը օր առաջ մտահոգութիւն յայտնած էր ԼՂՀ նախագահի նախատեսուող այցին առնչութեամբ՝ Բակօ Սահակեանը անուանելով «անջատողականներու առաջնորդ», եւ արժանթինցի օրէնսդիրներուն խնդրած էր չհանդիպիլ անոր հետ: