Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՀա­յաս­տա­նի մէջ ար­դէն իսկ կը գոր­ծէ երկ­րորդ հող­մա­յին ե­լեկտ­րա­կա­յա­նը։ «­Նիուզ»ի հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի ըն­թաց­քին այս մա­սին յայտ­նած է Հա­յաս­տա­նի ու­ժա­նիւ­թի եւ բնա­կան պա­շար­նե­րու փոխ-նա­խա­րար Հայկ Յա­րու­թիւ­նեան:

 

 

Քա­ջա­րան քա­ղա­քի մեր­ձա­կայ­քը տե­ղա­կա­յո­ւած «Ա­րաց» հող­մա­կա­յա­նը, 2015 թո­ւա­կա­նի Մար­տին, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին Ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը Կար­գա­ւո­րող Յանձ­նա­ժո­ղո­վէն ար­տօ­նա­գիր ստա­ցած էր, իսկ ցան­ցին միա­ցած էր ամ­րան:

Ըստ փոխ-նա­խա­րա­րին՝ կա­յա­նի հզօ­րու­թիւ­նը մեծ չէ - 285 քի­լո­վաթ, սա­կայն փաս­տը, որ հան­րա­պե­տու­թեան մէջ երկ­րորդ հող­մա­կա­յան ալ կը գոր­ծէ, ար­դէն ու­րա­խա­լի է։

Յատ­կան­շա­կան է, որ ա­նի­կա կա­ռու­ցո­ւած է ներդ­րող­նե­րու սե­փա­կան մի­ջոց­նե­րով: Ն­շենք, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի ա­ռա­ջին հող­մա­յին ե­լեկտ­րա­կա­յա­նը՝ 2,64 մե­կա­վաթ հզօ­րու­թեամբ «­Լո­ռիը, սկսած է գոր­ծե­լու 2005 թո­ւա­կա­նին, Ի­րա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան տրա­մադ­րած դրա­մաշ­նոր­հա­յին մի­ջոց­նե­րով: