12 Փետրուարին, Արցախի մէջ, սահմանադրական փոփոխութիւններու կազմակերպման հոլովոյթին վերաբերեալ ընդլայնուած խորհրդակցութիւն տեղի ունեցած է Հ.Յ.Դ. Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ:
Խորհրդակցութեան ներկայ եղած են Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ, Լեռնային Ղարաբաղի գործադիր իշխանութեանց Հ.Յ.Դ. անդամներ, Հ.Յ.Դ. Արցախի կառոյցի շրջանային մարմիններու ներկայացուցիչներ, կուսակցականներ: Խորհրդակցութեան հրաւիրուած է փորձագէտ Սուրէն Պարսեան:Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան խորհրդակցութեան սկիզբը ըսած է, որ անիկա կը միտի Արցախի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու ընթացակարգին շուրջ կուսակցականներուն տեսակէտներն ու հիմնաւորումները ի մի բերելու, որպէսզի անոր հիման վրայ Կեդրոնական Կոմիտէն յառաջիկային վերջնականապէս կարենայ բիւրեղացնել Հ.Յ.Դ. Արցախի կառոյցին ամբողջական տեսակէտը: Դաւիթ Իշխանեան համառօտ կերպով անդրադարձած է Արցախի ներ-քաղաքական զարգացումներուն, օրակարգային, առաջնահերթ խնդիրներուն` տուեալ պարունակին մէջ կարեւոր նկատելով Հ.Յ.Դ. Արցախի կառոյցին քաղաքական դերակատարութիւնը: Փորձագէտ Սուրէն Պարսեան ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական փոփոխութիւններու ընթացակարգը եւ այդ հոլովոյթին մէջ Հ.Յ.Դ.ի ունեցած դերակատարութիւնը: