Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՀ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը այ­սօր հաս­տա­տեց ո­րոշ­ման նա­խա­գիծ մը, ո­րով չե­ղեալ յայ­տա­րա­րեց «­Կա­րէն ­Դէ­միր­ճեա­նի ա­նո­ւան ­Մար­զա­հա­մեր­գա­յին ­Հա­մա­լիր» Պ.Ո.Ա.Կ.ը լու­ծա­րե­լու մա­սին 2015ի Օ­գոս­տո­սին կա­յա­ցու­ցած իր նախ­կին ո­րո­շու­մը,- կը հա­ղոր­դէ «­Մե­տիա­մասք»:

 

Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան փոխ-նա­խա­րար Ա­րա ­Նա­զա­րեա­նի փո­խանց­մամբ` ո­րո­շու­մը հիմ­նա­ւո­րո­ւած է, ո­րով­հե­տեւ «ՆՏԱԱ Ին­վեստ­մընթ Կ­րուփ» Ս.Պ.Ը.ն, օ­տա­րո­ւած պե­տա­կան սե­փա­կա­նու­թիւն հան­դի­սա­ցող գոյ­քին դի­մաց, վճա­րում­նե­րը սահ­մա­նո­ւած ժամ­կէտ­նե­րու մէջ չէ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած:

Ո­րո­շու­մը ու­ժի մէջ մտնե­լէ ետք, 10նօ­րեայ ժամ­կէ­տի մէջ, պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը պէտք է լու­ծա­րէ «ՆՏԱԱ Ին­վեստ­մընթ Կ­րուփ» Ս.Պ.Ը.ի հետ 2015ի ­Սեպ­տեմ­բեր 1ին կնքուած ան­շարժ գոյ­քի ա­ռու­վա­ճառ­քի պայ­մա­նա­գի­րը:

Հ.Հ. վար­չա­պետ ­Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան յանձ­նա­րա­րած է պատ­րաս­տել նա­խա­գիծ, ո­րով հա­մա­լի­րի բաժ­նե­տոմ­սե­րու կա­ռա­վա­րու­մը պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թե­նէն պի­տի փո­խան­ցո­ւի ­Պե­տա­կան ­Գոյ­քի ­Կա­ռա­վար­ման վար­չու­թեան: ­Յի­շեց­նենք, որ ­Մար­զա­հա­մեր­գա­յին ­Հա­մա­լի­րը, որ 2014 թո­ւա­կա­նի Օ­գոս­տո­սին յանձ­նո­ւած էր պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան, մէկ տա­րի անց $30 մի­լիո­նի հա­մար­ժէք դրա­մով վա­ճա­ռո­ւած էր «ՆՏԱԱ Ին­վեստ­մընթ Կ­րուփ» Ս.Պ. ըն­կե­րու­թեան: