Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՄիա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ազ­գա­յին տե­ղե­կա­հա­ւա­քի սպա­սար­կու­թեան վա­րիչ Ճէյմզ Ք­լե­փըր Ե­րեք­շաբ­թի՝ Փետ­րո­ւար 9ին մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նած է Ար­ցա­խի ի­րա­վի­ճա­կին վատ­թա­րաց­ման հա­մար, յատ­կա­պէս Ատր­պէյ­ճա­նի դի­մագ­րա­ւած տնտե­սա­կան տագ­նա­պին լոյ­սին տակ։

 

 

Ան նշած է, թէ քա­րիւ­ղի մի­ջազ­գա­յին գի­նի ան­կու­մը եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ ա­նոր պատ­ճա­ռած տնտե­սա­կան տագ­նա­պը, ինչ­պէս նաեւ վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րուն Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ զէն­քե­րու կու­տա­կում­նե­րը կրնան պատ­ճառ դառ­նալ, որ 2016ին Ար­ցա­խի մէջ բռնա­րարք­նե­րը ա­ւե­լիով աճ ար­ձա­նագ­րեն։ Հա­մաշ­խար­հա­յին սպառ­նա­լիք­նե­րու մա­սին իր տա­րե­կան զե­կոյ­ցին մէջ Ք­լե­փըր շեշ­տած է, թէ Ար­ցա­խէն չձեր­բա­զա­տո­ւե­լու Պա­քո­ւի կե­ցո­ւած­քը եւ տա­րածք­ներ չզի­ջե­լու Հա­յաս­տա­նի վե­րա­պա­հու­թիւ­նը շա­րու­նակ պի­տի բար­դաց­նեն Ար­ցա­խի տագ­նա­պին խա­ղաղ լու­ծում մը գտնե­լու ջան­քե­րը։ Ն­շենք, որ միայն Փետ­րո­ւար 9էն 10 լուս­ցող գի­շե­րո­ւան ըն­թաց­քին, ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կը մօ­տա­ւո­րա­պէս 700 կրա­կոց­նե­րով խախ­տած է կրակ­մա­րի հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը։