«Ազատութիւն» ձայնասփիւռիկայանինհետունեցածզրոյցիընթացքին, Հ.Յ.Դ. ՀայաստանիԳերագոյնՄարմինիներկայացուցիչԱղուանՎարդանեանյայտարարեց, որՀ.Յ.Դ.-ՀայաստանիՀանրապետականԿուսակցութիւնհամագործակցութիւնըմէկտարուանհամագործակցութիւնչէ, այլուղղուածէդէպիապագայ:
Ան անլուրջ նկատեց այն բոլոր հրապարակումները, որոնք կան մամուլին մէջ եւ շրջան կ՛ընեն լրատուամիջոցներուն կողմէ: «Կայ համագործակցութեան առաջարկ, կան աշխատանքային քննարկումներ, քննարկուող խնդիրները այնքան բազմազան են եւ առանցքային, որ միայն պաշտօններու վրայ կեդրոնանալը լուրջ չէ: Մենք հսկայական աշխատանք կը կատարենք, եւ ասիկա դաւադրական երեւոյթ չէ, մեր երկրին մէջ որակական փոփոխութիւններու հասնելու մեր պատկերացումները կը ներկայացնենք եւ կը փորձենք գալ համաձայնութեան: Երբ երկու ուժեր կը բանակցին, բնականաբար կը քննարկեն, տեսակէտներու բախում, բանավէճ կ՛ըլլայ, կը փորձենք լուծումներ գտնել: Մեր հիմնական խնդիրն է` գտնել այն ուղղութիւնները, որոնց առնչութեամբ կարենանք միացեալ ուժերով դրական ակնկալիք, յոյս յառաջացնել մեր քաղաքացիներուն մօտ: Երկրորդ խնդիրը` համագործակցութեան ձեւաչափն է. երկու ուժեր պէտք է միասնաբար աշխատին` ի՞նչ ձեւաչափով պիտի աշխատին, ինչպէ՞ս պիտի քննարկեն հարցերը, ինչպէ՞ս որոշումներ պիտի տան, խորհրդատուական մարմին անհրաժե՞շտ է, թէ՞ ոչ, ասոնք եւս կարեւոր հարցեր են, որպէսզի վաղը, միւս օրը խնդիրներ չառաջանան: Եւ միայն երրորդ խնդիրն է համապատասխան մարզերու ընտրութեան հարցը»,- յայտարարեց Վարդանեան: Ան տեղեկացուց, որ կրթութեան եւ գիտութեան, տարածքային կառավարման եւ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնները Դաշնակցութեան փոխանցելու հարցը քննարկման հանգրուանին մէջ է: Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչը վստահեցուց, որ քանի մը օրէն ամէն ինչ աւելի յստակ կ՛ըլլայ: Ըստ անոր, ամէն շաբաթ կը գումարուին Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի նիստերը, կը կատարուին միացեալ քննարկումներ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հետ, իսկ այս հանգրուանին համագործակցութեան շուրջ բանակցութիւնները հիմնականին մէջ կը կայանան Հայաստանի եւ Հանրապետական Կուսակցութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի միջեւ: Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ 2017էն ետք համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի՞, Վարդանեան նախ նշեց, որ բնականաբար այսօր այդ հարցումին պատասխանելը շատ թէական կ՛ըլլայ. ան շեշտեց, որ ներկայիս կարեւորը իսկապէս լրջօրէն ընտրութիւններուն պատրաստուիլն է, վստահութիւն ներշնչող Ընտրական Օրէնսգիրք ունենալն է, որ չ՛արտօներ արհեստական կամ այլ ձեւերով որեւէ քաղաքական ուժի առաւելութիւն ունենալը:
«Ես յոյս ունիմ, որ մենք առաջին անգամ ըլլալով լաւագոյն ընտրութիւնները կ՛ունենանք, քննարկումները այդ հունով կ՛ընթանան, բնականաբար մեր համագործակցութիւնը միտուած է ապագային, մէկ տարուան համագործակցութիւն չէ»,- ըսաւ Աղուան Վարդանեան:
Լրագրող մը հարցուց, թէ Դաշնակցութիւնը ի՞նչ պիտի փոխէ կառավարութեան մէջ. Ա. Վարդանեան պատասխանեց, որ ներկայիս հարցերը այնքան մեծաթիւ են եւ զանոնք համախմբուած դիմագրաւելու կարողութիւնը այնքան ցաքուցրիւ, որ Դաշնակցութեան ներկայութեամբ նոր որակ պիտի հաղորդուի կառավարման արդիւնաւէտութեան. նոր սահմանադրութեամբ Դաշնակցութիւնը սկիզբ դրած է միանձնեայ կառավարման վերջ տալու հոլովոյթին: