Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՀ.Հ. նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեան Փետ­րո­ւար 9ին ըն­դու­նեց Շո­ւէ­տի Թա­գա­ւո­րու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մար­կօ Ո­ւո­լըսթ­րո­մը եւ ա­նոր գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը: Հ.Հ. նա­խա­գա­հի մամ­լոյ եւ հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պի վար­չու­թեան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ Հ.Հ. նա­խա­գա­հը եւ Շո­ւէ­տի ար­տա­քին

  գոր­ծոց նա­խա­րա­րը քննար­կած են ինչ­պէս երկ­կողմ, այն­պէս ալ բազ­մա­կողմ ձե­ւա­չա­փե­րով հայ-շո­ւէ­տա­կան փոխ-գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման, Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րա­կա­նա­ցուող բա­րե­փո­խում­նե­րուն Շո­ւէ­տի ա­ջակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, մտքեր փո­խա­նա­կած են տա­րա­ծաշրջա­նա­յին զար­գա­ցում­նե­րու եւ մար­տահրա­ւէր­նե­րու, մի­ջազ­գա­յին ար­դի խնդիր­նե­րու, Լ.Ղ. հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի շուրջ: Նա­խա­գա­հը հիւ­րին հան­գա­մա­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցած է այդ գոր­ծըն­թա­ցին մէջ հայ­կա­կան կող­մի դիր­քո­րո­շում­նե­րը` հիմ­նո­ւած մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի հիմ­նա­րար սկզբունք­նե­րուն եւ չա­փո­րո­շիչ­նե­րուն վրայ:

Զ­րու­ցա­կից­նե­րը եր­կուս­տեք բարձր գնա­հա­տած են վեր­ջին շրջա­նին նկա­տե­լիօ­րէն աշ­խու­ժա­ցած հայ-շո­ւէ­տա­կան քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը: Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան գո­հու­նա­կու­թեամբ հաս­տա­տած է, որ այ­սօր Շո­ւէտ Եւ­րո­պա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի կա­րե­ւոր եւ վստա­հե­լի գոր­ծըն­կեր­նե­րէն է:

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մար­կօ Ո­ւո­լըսթ­րոմ իր հեր­թին ընդգ­ծած է, որ լաւ հար­թակ ստեղ­ծո­ւած է եր­կու բա­րե­կամ եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի զար­գաց­նե­լու ու խո­րաց­նե­լու հա­մար եւ իր երկ­րին կող­մէ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած է օ­ժան­դա­կե­լու Հա­յաս­տա­նին` բա­րե­փո­խում­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման գոր­ծին մէջ:

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը նշած է, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող հա­մա­պար­փակ բա­րե­փո­խում­նե­րը իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը դի­տար­կեն որ­պէս երկ­րի յա­ռա­ջըն­թա­ցի եւ զար­գաց­ման կա­րե­ւոր գրա­ւա­կան եւ մե­ծա­պէս կը գնա­հա­տեն Ե.Մ. գոր­ծըն­կեր­նե­րու ա­ջակ­ցու­թիւ­նը այդ հար­ցով: Անդ­րա­դառ­նա­լով Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան` Սերժ Սարգ­սեան ընդգ­ծած է, որ Շո­ւէտ` որ­պէս բա­րե­կամ եր­կի­րի, զգա­լի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նի Հ.Հ.-Ե.Մ. յա­րա­բե­րու­թեանց ամ­րապնդ­ման գոր­ծին մէջ: Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ո­ւո­լըսթ­րոմ վստա­հե­ցու­ցած է, որ Հա­յաս­տան այ­սու­հե­տեւ ալ կրնայ ա­պա­ւի­նիլ Շո­ւէ­տի ա­ջակ­ցու­թեան եւ հա­մո­զո­ւած ըլ­լա­լով, որ իր գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ` իբ­րեւ Ե.Մ. Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ու այս տա­րա­ծաշր­ջա­նի բա­րե­կա­մի: Վե­րոն­շեալ ձե­ւա­չա­փով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը նա­խա­րա­րը հա­մա­րած է նաեւ երկ­կողմ կա­պե­րը ամ­րապն­դե­լու եւս մէկ հնա­րա­ւո­րու­թիւն: