Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Իբրեւ 2011ի Գործողութիւններու ծրագիրի երկրորդ յատկացում, Եւրոպական յանձնաժողովը Նոյեմբեր 28ին հաստատած է Հայաստանի ելեւմտական համակարգի կառավարման բարելաւման ուղղուած ծրագիրը, որ կը նախատեսէ տրամադրել 24 միլիոն եւրօ, որ պիտի նպաստէ հանրային հատուածի թափանցիկութեան բարելաւման ու ելեկտրոնային կառավարման համակարգի ընդլայնման, ինչպէս նաեւ պիտի օժանդակէ Հայաստան եւ ԵՄ առեւտրային չափանիշներու համապատասխանեցման:

Ընդլայնման եւ եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով ԵՄ յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի համաձայն, որոշումը ցոյց կու տայ ԵՄի յանձնառութիւնը՝ Հայաստանի քաղաքական աջակցութիւն եւ նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերելու գծով, մասնաւորապէս ճարտարագիտական աջակցութեան եւ նորարարութեան ոլորտներուն մէջ:
Ընդլայնման եւ եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով ԵՄ յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ դիտել տուած է թէ «Անցեալ տարիներուն, ԵՄ նշանակալիօրէն աւելցուցած է իր օժանդակութիւնը Հայաստանին, որ կը վկայէ Եւրոպական յանձնաժողովի յանձնառութեան մասին՝ այդ երկրին մէջ ընթացող բարեփոխումներուն օժանդակելու գծով», ըսած է Ֆիւլէ եւ ընդգծած, որ ԵՄի տրամադրած օգնութիւնը պիտի ազդէ Հայաստանի քաղաքացիներու առօրեայ կեանքին վրայ՝ նպաստելով հանրային տեղեկատուութենէ անոնց օգտուելու հնարաւորութեան:

 

«Եւրոմիութիւնը Հարաւային Կովկասի Մէջ Նոր Պատերազմ Չ՛ուզեր Տեսնել»

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Նոյեմբեր 28ին  ընդունած է Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոմիութեան յատուկ ներ-կայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորը, որուն հետ քննարկած է պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Եւրոմիութեան հետ համագործակցութեան հեռանկարներուն առնչուող հարցեր:
Հիւրին խնդրանքով, նախարար Օհանեան ներկայացուցած է սահմանի իրադրութիւնը՝ ատրպէյճանական զօրքերուն հետ եւ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչին ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու դիպուկահարներու գործողութիւններու աշխոյժացման վրայ:
Ֆիլիփ Լեֆոր հաւաստիացուցած է, որ հնարաւոր ամէն բան պիտի ընէ, որպէսզի աջակցի խաղաղութեան հասնելու ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու ջանքերուն: Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչը մասնաւորապէս ըսած է. «Եւրոմիութիւնը չի փափաքիր Հարաւային Կովկասի մէջ նոր պատերազմ տեսնել: Տարածաշրջանի խաղաղութիւնը կը բխի Եւրոմիութեան շահերէն»:
Պաշտպանութեան նախարարը, իր կարգին, նշած է. «Առաջնորդուելով ղարաբաղեան հարցը խաղաղ ճանապարհով լուծելու սկզբունքով՝ հայկական կողմը խստօրէն պահպանում է հրադադարի ռեժիմը, իսկ Ատրպէյճանի կողմից հրադադարի խախտումների դէպքում, պատասխան գործողութիւնների է դիմում՝ ատրպեճանական դիպուկահարների սադրանքները չէզոքացնելու նպատակով միայն»: