Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԵ­րե­ւա­նի մէջ, Փետ­րո­ւար 7ին, մեծ շու­քով նշո­ւե­ցաւ Մեծ Պահ­քի նա­խոր­դող Բուն Բա­րե­կեն­դա­նի տօ­նը:

Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Սուրբ Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ժա­մը 11:00ին մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Սուրբ Պա­տա­րագ, որ­մէ ետք թե­մի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ազ­գագ­րա­կան եր­գի ու պա­

րի հա­մոյթ­նե­րը, Ե­րե­ւա­նի տար­բեր հա­մայնք­նե­րը ներ­կա­յաց­նող մշա­կու­թա­յին խում­բե­րը, Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Սուրբ Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ մօ­տէն՝ Մաշ­տո­ցի պո­ղո­տա­յով, տօ­նա­կան շքեր­թով ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի Ե­րե­ւա­նի Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րակ:

Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցան տար­բեր ձեռ­նարկ­ներ` մշա­կու­թա­յին-ուսում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րու նկար­նե­րու ցու­ցա­հան­դէս, ազ­գա­յին երգ ու պա­րի կա­տա­րում­ներ, թա­տե­րա­կան խում­բե­րու ե­լոյթ­ներ, ազ­գա­յին խա­ղեր:

Ն­շենք, որ հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցին Փետ­րո­ւար 8էն կը մտնէ Մեծ Պահ­քի շրջան: Սո­վո­րա­բար Բա­րե­կեն­դան կը կո­չո­ւի շա­բա­թա­պահ­քե­րու եւ Մեծ Պահ­քի նա­խըն­թաց օ­րը: Բա­րե­կեն­դա­նին կը թոյ­լատ­րո­ւին չա­փա­ւոր վա­յելք­ներ, խրախ­ճանք­ներ, խա­ղեր եւ ու­տեստ­ներ:

Բա­րե­կեն­դան բա­ռա­ցի կը նշա­նա­կէ կեն­դա­նու­թիւն, բա­րի կեանք:

Մեծ Պահ­քի Բա­րե­կեն­դա­նը կը կո­չո­ւի Բուն Բա­րե­կեն­դան, քա­նի որ ան կը նա­խոր­դէ ա­մե­նաեր­կար Պահ­քին: