Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 3 Փետրուարին ընդունած է Ե.Ա.Հ.Կ.ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին
վերաբերեալ հարցեր:
Նոյն օրը Ա. Քասփրչիք հանդիպում ունեցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ: Անոնք միտքեր փոխանակած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող կարգ մը հարցերու, մասնաւորապէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին եւ Ե.Ա.Հ.Կ.ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին կողմէ իրականացուող դիտարկումներուն վերաբերեալ: Քննարկուած են նաեւ գրասենեակին կողմէ տարուած աշխատանքներն ու ապագայի ծրագիրները:
Երկուստեք կարեւոր նկատած են սահմանագիծին վրայ կայունութեան պահպանումը: