Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՀա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղա­կա­յուած ­Ռու­սա­կան ­Հա­րա­ւա­յին ­Ռազ­մա­կան ­Ջո­կա­տի ռազ­մա­կա­յա­նի ճա­ռա­գայ­թա­յին, քի­միա­կան եւ կեն­սա­բա­նա­կան պաշտ­պա­նու­թեան (Ճ.Ք.Կ.Պ.) ստո­րա­բա­ժա­նու­մը, շաբ­թո­ւան սկիզ­բը, ստա­ցած է 4 ժա­մա­նա­կա­կից հե­տա­խու­զա­կան քի­միա­կան մե­քե­նա­ներ (Հ.Ք.Մ.-6):

 

­Ներ­կա­յիս հա­մա­պա­տաս­խան քայ­լե­րու կը դի­մո­ւի սար­քե­րը մար­տա­կարգ մտցնե­լու եւ ա­նոնց օգ­տա­գործ­ման կեր­պը անձ­նա­կազ­մին սոր­վեց­նե­լու գծով։ Հ.Ք.Մ.-6 զրա­հա­մե­քե­նա­նե­րը ստեղ­ծո­ւած են ԲՏՌ-80ի հի­ման վրայ եւ օժ­տո­ւած են սար­քա­ւո­րում­նե­րու յա­տուկ հա­ւա­քա­ծո­յով, ո­րուն գոր­ծա­ռոյթն է ի­րա­վի­ճա­կը ու­սում­նա­սի­րել եւ սպառ­նա­լիք­նե­րը փնտռել: ­Յար­մա­րող սար­քա­ւո­րում­նե­րու հա­մա­կար­գը կա­րե­լիու­թիւն կու տայ հե­տե­ւե­լու ի­րա­վի­ճա­կին եւ յայտ­նա­բե­րե­լու քի­միա­կան կամ կեն­սա­բա­նա­կան գրո­հի նշան­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ճա­ռա­գայ­թա­յին վա­րա­կը:

Ատ­կէ բա­ցի՝ կ­՛ա­պա­հո­վո­ւի օ­դե­րե­ւու­թա­բա­նա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րու ինք­նեկ դի­տար­կում, ո­րուն տո­ւեալ­նե­րը կ­՛ե­րե­ւին գոր­ծի­քին վա­հա­նա­կին վրայ, ընդ ո­րում օ­դե­րե­ւու­թա­բա­նա­կան պայ­ման­նե­րու եւ յայտ­նա­բե­րո­ւած սպառ­նա­լիք­նե­րու վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը կա­րե­լի է փո­խան­ցել դաշ­տա­յին պայ­ման­նե­րուն մէջ գոր­ծող հրա­մա­նա­տա­րա­կան կէ­տին: