Պաշտօնական այցելութեամբ 30 Յունուարէն 2 Փետրուար Հայաստան գտնուող Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Թինաթին Խիտաշելի Փետրուար 1ին ընդունուած է Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ:
Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմ միջ-պետական յարաբերութիւններու զարգացման ու ամրապնդման, պաշտպանութեան մարզին մէջ հայ-վրացական փոխադարձ գործակցութեան եւ շրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր,- կը փոխանցէ Հայաստանի նախագահին պաշտօնական կայքը:
«Հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է հայ-վրացական աւանդական գործընկերային յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ հաւասարակշռուած մօտեցումներուն կարեւորութիւնը շրջանային կայունութեան ու խաղաղութեան պահպանման տեսանկիւնէն: Նախարար Թինաթին Խիտաշելի նշած է, որ Վրաստանի մէջ մեծապէս կը գնահատեն հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող հայ եւ վրացի ժողովուրդներու բարի-դրացիական յարաբերութիւնները։ Ան նաեւ ընդգծած է, որ շրջանին մէջ նման հին պատմութիւն ունեցող բարեկամ ժողովուրդներուն ոչինչ կրնայ բաժնել այն ճամբայէն, որ անոնք սկսած են հազարամեակներ առաջ ու միասին պիտի շարունակեն նոյնքան երկար տարիներ»,- ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:
Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարները Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցած են, Խիտաշելիի այցելութեան ծիրին մէջ, հայ-վրացական զինուորական համագործակցութեան ուղղութեամբ միջ-նախարարական քննարկումներու արդիւնքով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները:
Հայաստանի եւ Վրաստանի պաշտպանական նախարարութիւններուն մէջ միջազգային համագործակցութեան համար պատասխանատու պաշտօնատարները 1 Փետրուարին ստորագրեցին Հայաստանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ 2016ի զինուորական համագործակցութեան ծրագիրը, որուն հիմնական ուղղութիւններն են` փորձառութեան փոխանակումը խաղաղապահութեան, զինուորական կրթութեան, մասնագիտական վերապատրաստման եւ ռազմավարական ծրագրումի մարզերուն մէջ:
Նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Վրաստանի յարաբերութիւններուն, միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ պաշտպանութեան մարզին մէջ երկկողմ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր: Նախարար Օհանեան դիտել տուած է, թէ հակառակ անոր, որ երկու երկիրները անվտանգութեան տարբեր համակարգերու մէջ են, բայց եւ այնպէս ոչինչ կը խանգարէ, որ համապատասխան կարելիութիւններ ստեղծուին շրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման ի խնդիր:
Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր հայ զինուորներուն: Ան աւելցուցած է, որ երկու շաբաթ առաջ կարելիութիւն ունեցած է Աֆղանիստանի մէջ տեսնելու հայ եւ վրացի խաղաղապահները, որոնք միասնաբար կը ծառայեն յանուն խաղաղութեան:
«Հոս կը գտնուիմ խօսելու մեզ միաւորող հարցերուն մասին. նախ եւ առաջ` Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան: Ասիկա այն հիմնական եւ կարեւոր կէտերէն մէկն է, որ կրնայ մեզ միաւորել»,- յայտնած է Թինաթին Խիտաշելի:
Հայաստան այցելութեան ծիրին մէջ, Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարը հանդիպում ունեցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:
Անդրադարձ` Հայոց եւ ՎրացԵկեղեցիներու յարաբերութիւններուն
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս, 1 Փետրուարին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, ընդունած է Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Թինաթին Խիտաշելիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպման ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ողջունած է դրացի երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութեանց միջեւ ձեւաւորուած սերտ կապերը` գոհունակութեամբ փաստելով նաեւ պետական տարբեր մակարդակներու վրայ ձեւաւորուած համագործակցութիւնը: Խօսելով հայոց եւ վրաց եկեղեցիներու յարաբերութեանց մասին` Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնած է, որ վիրահայութեան հոգեւոր կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան ոգիին համահունչ կը գտնեն իրենց անհրաժեշտ լուծումը:
Թինաթին Խիտաշելի նշած է, որ քաջատեղեակ է հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ հայ եկեղեցւոյ ունեցած իւրայատուկ դերակատարութեան:
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է շրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանման հրամայականներուն: