Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՀ.Հ. Նա­խա­գահ, զի­նո­ւած ու­ժե­րու գե­րա­գոյն գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տար Սերժ Սարգսեան 28 Յունուարին մաս­նակ­ցե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան Պաշտ­պա­նա­կան Ազ­գա­յին Հե­տա­զօ­տա­կան Հա­մալ­սա­րա­նի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան, ո­րուն ներ­կայ ե­ղան նաեւ Հ.Հ. եւ Լ.Ղ.Հ. պաշտ­պա­նու­

թեան նա­խա­րար­նե­րը, Հ.Հ. զի­նո­ւած ու­ժե­րու բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վար կազ­մը, գե­րա­տես­չու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­ւա­տար­մագրուած դես­պան­ներ, օ­տա­րերկ­րեայ բարձ­րաս­տի­ճան հիւ­րեր, գի­տու­թեան եւ կրթու­թեան ո­լոր­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

Հ.Հ. նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի հա­սա­րա­կու­թեան եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան մի­ջոց­նե­րու հետ կա­պե­րու վար­չու­թեան փո­խանց­մամբ` հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը շրջած է հա­մալ­սա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց մաս­նա­շէն­քին մէջ, ծա­նօ­թա­ցած հաս­տա­տու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն, հա­մալ­սա­րա­նի գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար ստեղ­ծո­ւած պայ­ման­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հե­տա­զօ­տա­կան-կրթա­կան նպա­տակ­նե­րուն ծա­ռա­յող աշ­խա­տա­սե­նեակ­նե­րու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն, որ­մէ ետք ներ­կայ գտնո­ւած է հա­մալ­սա­րա­նի բաց­ման նո­ւի­րո­ւած հան­դի­սա­ւոր նիս­տին: Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան Դ­րաս­տա­մատ Կա­նա­յեա­նի ա­նո­ւան Ազ­գա­յին Ռազ­մա­վա­րա­կան Հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու Հիմ­նար­կի պետ, զօ­րա­վար-գնդա­պետ, քա­ղա­քա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու դոկ­տոր, փրո­ֆէ­սոր Հայկ Քո­թան­ջեա­նի զե­կոյ­ցէն ետք, նիս­տին ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կած են Ա.Մ.Ն. պաշտ­պա­նա­կան ազ­գա­յին հա­մալ­սա­րա­նի Տո­ւայտ Դ. Այ­զէն­հաո­ւը­րի ա­նուան ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու կա­ռա­վար­ման ռազ­մա­վա­րու­թեան դպրո­ցի փրո­ֆե­սոր Ճէյմս Քիգլ, Հա­րո­ւըր­տի հա­մալ­սա­րա­նի Ճոն Ֆ. Քե­նե­տիի ա­նո­ւան պե­տու­թեան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու դպրո­ցի ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծրագ­րի տնօ­րէն, զօ­րա­վար-հա­րիւ­րա­պետ, փրո­ֆէ­սոր Թետ Օլսթ­րեոմ, Ռու­սիոյ Դաշ­նու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան Մոս­կո­ւա­յի մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պե­տա­կան հիմ­նար­կի (հա­մալ­սա­րա­նի) Եւ­րօ-ատ­լան­տեան անվ­տան­գու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն, քա­ղա­քա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու դոկ­տոր, փրո­ֆե­սոր Ա­լեք­սանդր Նի­քի­թին: Հա­մալսա­րա­նի գի­տա­ժո­ղով­նե­րու դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է նաեւ պար­գե­ւատր­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն. Հ.Հ. նա­խա­գա­հի հրա­մա­նա­գի­րե­րով՝ Հ.Հ. Պ.Ն. Պաշտ­պա­նա­կան Ազ­գա­յին Հե­տա­զօ­տա­կան Հա­մալսա­րա­նի հիմ­նադր­ման գոր­ծին մէջ ու­նե­ցած ա­ւան­դի հա­մար Ճէյմս Քիգլ, Թետ Օլսթ­րեոմ, Ա­լեք­սանտր Նի­քի­թին եւ Հա­ւա­քա­կան Անվ­տան­գու­թեան Պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան գլխա­ւոր քար­տու­ղար, Հ.Ա.Պ.Կ. գի­տա­փոր­ձա­գի­տա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ, զօ­րա­վար-գնդա­պետ Նի­քո­լայ Պոր­տիւ­ժան պար­գե­ւատ­րո­ւած են Ե­րախ­տա­գի­տու­թեան շքան­շա­նով: