Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Բա­նա­կի Օ­րո­ւան ա­ռի­թով, ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հա­կան նստա­վայ­րին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին՝ ծա­ռա­յո­ղա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լու ա­տեն ցու­ցա­բե­րած ի­րենց նո­ւի­րու­մին եւ խի­զա­խու­թեան, մա­տու­ցած կա­րե­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն հա­մար, խումբ մը զի­նո­ւոր­ներ պար­գե­ւատ­րո­ւած են պե­տա­կան պար­գեւ­նե­րով, ար­ժա­նա­ցած զի­նո­ւո­րա­կան բարձր կո­չում­նե­րու: ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ, զի­նո­ւած ու­ժե­րու գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տար ­Սերժ ­Սարգ­սեան այս ա­ռի­թով ներ­կա­նե­րուն ուղ­ղած իր խօս­քին մէջ անդ­րա­դար­ձած է այն ի­րա­կա­նու­թեան, որ ար­դէն

քա­ռորդ դար է, որ ­Հա­յաս­տան ա­զատ ու ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւն ու­նի, իսկ ա­ռանց բա­նա­կին այդ 25ա­մեայ ու­ղին կա­րե­լի չէ պատ­կե­րաց­նել: «­Հա­յաս­տա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րը դար­ձան այն ա­ռա­ջին քա­րե­րը, ո­րոնք դրո­ւե­ցան մեր պե­տա­կա­նա­շի­նու­թեան հիմ­քե­րուն մէջ: Ա­տի­կա ժա­մա­նա­կի եւ շրջա­նի պար­տադ­րանքն էր: ­Մենք շատ լաւ գի­տէինք, թէ ո՛վ ենք մենք եւ ո՛ւր կ­՛ապ­րինք»,- ը­սած է նա­խա­գա­հը` հաս­տա­տե­լով, որ հայ ազ­գը հա­զա­րա­մեակ­նե­րու փոր­ձա­ռու­թիւն ունի:

­Նա­խա­գա­հը շեշ­տած է, որ այս փա­ռա­պանծ տօ­նը հա­մա­պե­տա­կան եւ հա­մա­ժողովր­դա­կան է, խարսխուած է զինուո­րա­կան­նե­րուն նուիրուա­ծու­թեան, մաս­նա­գիտա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ու բարձր մար­տա­կան ո­գիին վրայ: «­Կը մաղ­թենք, որ այ­սու­հե­տեւ սահ­մա­նին վրայ ոչ մէկ զի­նո­ւոր զո­հո­ւի: ­Ձե­զի եւ մեր ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դին կը մաղ­թեմ խա­ղա­ղու­թիւն՝ յա­նուն մեր երկ­րի ա­զա­տու­թեան, յա­նուն ար­դար աշ­խա­տան­քի, որ պայ­մանն է ո­րե­ւէ յա­ռա­ջըն­թա­ցին: ­Ձեր եւ ձեր ծա­ռա­յա­կից­նե­րուն շնոր­հիւ է, որ ­Հա­յաս­տա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րը կ­՛ի­րա­կա­նաց­նեն ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը: Այ­սօր` այս նո­ւի­րա­կան օ­րը, մենք գլուխ կը խո­նար­հենք ա­նոնց պայ­ծառ յի­շա­տա­կին առ­ջեւ: ­Դուք այն ար­ժա­նա­ւոր­ներն էք, ո­րոնք հա­ւա­տա­րիմ են նա­հա­տակ­նե­րու պատ­գամ­նե­րուն եւ ա­նոնց կտա­կած ար­ժէք­նե­րուն»,- եզ­րա­փա­կած է նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան: