Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՃիշդ չէ Ե.Խ.Խ.Վ.ի մէջ տե­ղի ու­նե­ցա­ծը ո­րա­կել կամ բնու­թագ­րել «յաղ­թա­նակ կամ պար­տու­թիւն» եզ­րոյ­թով: Այս մա­սին, ըստ Tert.amի, ը­սած է ­­Լեռ­նա­յին ­­Ղա­րա­բա­ղի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի «­­­Դաշ­նակ­ցու­թիւն» խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ­­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան` անդ­րա­դառ­նա­լով Ե.Խ.Խ.Վ.ի մէջ ըն­դու­նո­ւած ­­Սար­սան­գի ջրամ­բա­րի մա­սին զե­կոյ­ցին ու

­­Վե­հա­ժո­ղո­վի կող­մէն մեր­ժո­ւած` ­­Ռո­պերթ Ո­ւոլ­թը­րի հե­ղի­նա­կած «Բռ­նու­թիւն­նե­րու ա­ճը ­­Լեռ­նա­յին ­­Ղա­րա­բա­ղի եւ գրա­ւո­ւած այլ տա­րածք­նե­րու մէջ» վեր­նա­գի­րով փաս­տա­թուղ­թին: ­­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան ը­սած է, որ Ե.Խ.Խ.Վ.ի վրայ մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած են Եւ­րո­պա­կան ­Խոր­հուր­դի, Ե.Ա.Հ.Կ. ­­Մինս­քի Խմ­բա­կի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, ին­չու չէ` Ար­ցա­խի Ա.Ժ. խմբակ­ցու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կով ե­ղած հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, ուր կոչ ուղ­ղո­ւած էր` կողմ­նա­կալ մօ­տե­ցում­նե­րէ զերծ մնա­լու մա­սին: ­­Խօ­սե­լով «Բռ­նու­թիւն­նե­րու ա­ճը ­­Լեռ­նա­յին ­­Ղա­րա­բա­ղի եւ գրա­ւո­ւած այլ տա­րածք­նե­րու մէջ» վեր­նա­գի­րով զե­կոյ­ցին մա­սին` որ մեր­ժո­ւե­ցաւ Ե.Խ.Խ.Վ.ի կող­մէ, պատ­գա­մա­ւո­րը նշած է, որ լիա­գու­մար նիս­տին տա­րո­ւող քննար­կում­նե­րէն պարզ դար­ձաւ, որ ա­նի­կա պի­տի չըն­դու­նո­ւի: «Այդ զե­կոյցն ինք­նին անտ­րա­մա­բա­նա­կան էր ու շատ զար­մա­նա­լի կը լի­նէր, որ հաս­տա­տո­ւէր Ե.Խ.Խ.Վ.ի նման կա­ռոյ­ցի կող­մից»,- նշած է Իշ­խա­նեա­ն: Իսկ ­­Մե­լի­ցա ­­Մար­կո­վի­չի հե­ղի­նա­կած ու ըն­դու­նո­ւած զե­կոյ­ցը, ար­ցախ­ցի պատ­գա­մա­ւո­րին հա­մո­զու­մով, կողմ­նա­կալ էր, կողմ­նա­կալ էին նաեւ այդ քուէար­կու­թեան ար­դիւնք­նե­րը: «­­­Պար­տո­ւե­լու խնդիր չկայ, պար­զա­պէս Ե.Խ.Խ.Վ.ն ­մէկ ան­գամ եւս ցոյց տո­ւեց, որ ու­նի կողմ­նա­կալ վե­րա­բեր­մունք ­­Ղա­րա­բա­ղի հար­ցում»,- նկա­տած է ան: ­­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան ընդգ­ծած է, որ ա­սի­կա ա­ռա­ջին դէպ­քը չէ, երբ մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րը, մաս­նա­ւո­րա­պէս` Ե.Խ.Խ.Վ.ն, կը կանգ­նին կող­մե­րէն մէ­կուն կող­քին, ո­րով­հե­տեւ հար­ցը պատ­շաճ չեն ու­սում­նա­սի­րեր, չեն տի­րա­պե­տեր խնդի­րի ողջ էու­թեան, չու­նին բա­ւա­րար հե­տաքրք­րո­ւա­ծու­թիւն քննար­կո­ւող հար­ցին նկատ­մամբ, ան­տար­բեր են: