Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Qatar Airways օ­դա­նա­ւա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րած է, որ կա­նո­նա­ւոր չո­ւերթ­նե­րու պի­տի սկսի դէ­պի Ե­րե­ւան 2016ի Մա­յիս 15էն սկսեալ: Ինչ­պէս կ­՛ը­սո­ւի ըն­կե­րու­թեան հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ, թռիչք­նե­րը պի­տի ի­րա­կա­նա­ցո­ւին շա­բա­թը 4 ան­գամ: Թռիչք­նե­րը պի­տի ի­րա­կա­նա­ցո­ւին Airbus A320ով, որ ու­նի խնա­յո­ղա­կան դա­սի 132 տեղ եւ գոր­ծա­րար դա­սի 12 տեղ: Այն մա­սին, որ ըն­կե­րու­թիւ­ նը մտա­դիր է չո­ւերթ­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու դէ­պի Հա­յաս­տան, յայտ­նի դար­ձաւ 2015ի Նո­յեմ­բե­րին, սա­կայն գոր­ծարկ­ման յստակ ժամ­կէ­տը չէր նշո­ւած:

«­Քա­թա­րի Օ­դու­ղի­նե­րը»ը ե­րեք տա­րի ա­նընդ­մէջ ճանչ­ցո­ւած է «­Տա­րո­ւայ Լա­ւա­գոյն Օ­դա­նա­ւա­յին Ըն­կե­րու­թիւն»: «­Քա­թա­րի Օ­դու­ղի­ներ»ը Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ա­մե­նա­մեծ օ­դա­նա­ւա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րէն մէկն է, ու­նի մեծ ցանց եւ թռիչք­ներ կ­՛ի­րա­կա­նաց­նէ ա­ւե­լի քան 140 ուղ­ղու­թիւն­նե­րով: