Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՖ­րան­սա­յի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի ա­ռըն­թեր Զար­գաց­ման եւ Ֆ­րան­սա­խօ­սու­թեան հար­ցե­րով պե­տա­կան քար­տու­ղար Ան­նիք Ժի­րար­տէ այ­ցե­լած է Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ, ուր ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղած է յու­շա­հա­մա­լի­րին: Ան ա­պա շրջած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կին մէջ` ծա­նօ­թա­նա­լով ներ­կա­յա­ցո­

ւած ցու­ցան­մոյշ­նե­րուն եւ Մեծ Ե­ղեռ­նի պատ­մու­թեան:

Լ­րագ­րող­նե­րու հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Ան­նիք Ժի­րար­տէ նշած է, որ յու­զո­ւած եւ ցնցուած է թան­գա­րան-հիմ­նար­կին մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած ցու­ցան­մոյշ­նե­րէն եւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մու­թե­նէն:

«­Հա­յաս­տան բե­րած եմ Ֆ­րան­սա­յի այն ու­ղեր­ձը, թէ Ֆ­րան­սա բա­րե­կամ Հա­յաս­տա­նի կող­քին է: Մեր եր­կի­րը սա­տա­րած է, պի­տի ա­ջակ­ցի եւ շա­րու­նա­կէ օ­ժան­դա­կել Հա­յաս­տա­նին»,- ը­սած է պե­տա­կան քար­տու­ղա­րը: Խօ­սե­լով Ֆ­րան­սա­յի մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նող օ­րի­նա­գի­ծի որ­դեգր­ման մա­սին` Ան­նիք Ժի­րար­տէ նշած է, որ այդ հար­ցը կը շա­րու­նա­կէ քննար­կո­ւիլ Ֆ­րան­սա­յի Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի եւ Ծե­րա­կոյ­տի «պա­տե­րուն» մէջ: «Այ­սօր Ֆ­րան­սա ու­նի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու ո­րո­շում: Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գահ Ֆ­րան­սո­ւա Հոլ­լանտ եր­կու ան­գամ ե­ղած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ` մաս­նակ­ցած է Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն: Այ­սօր կրնամ ը­սել, որ Ֆ­րան­սա­յի մէջ կը շա­րու­նա­կո­ւի քննար­կո­ւիլ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նող օ­րի­նա­գի­ծը»,- ը­սած է ան: Ժի­րար­տէ նաեւ յի­շե­ցու­ցած է, որ Մեծ Ե­ղեռ­նը լայ­նօ­րէն քննար­կո­ւած է Ֆ­րան­սա­խօս եր­կիր­նե­րու մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան մէջ եւ դա­տա­պար­տո­ւած կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գա­հին կող­մէ: Ա­նոր խօս­քով` այ­սօր ալ ա­կա­նա­տես ենք աշ­խար­հի տար­բեր վայ­րե­րուն մէջ այդ­պի­սի ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու, եւ բո­լո­րիս պարտքն է մարդ­կու­թիւ­նը զերծ պա­հել այդ­պի­սի ար­հա­ւիրք­նե­րէ: «­Կը կար­ծեմ, որ պէտք է առ­ջեւ նա­յիլ: Մեր պարտքն է օգ­նել բա­րե­կամ Հա­յաս­տա­նին` զար­գաց­նե­լու պե­տու­թիւ­նը տնտե­սու­թեան, զբօ­սաշր­ջու­թեան, կրթու­թեան մար­զե­րուն մէջ»,- ը­սած է Ժի­րար­տէ: