Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԼեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մնա­յուն յանձ­նա­խում­բը հրա­պա­րա­կած է յայ­տա­րա­րու­թիւն մը՝ 13-19 Յու­նո­ւար 1990ին Պա­քո­ւի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հայ բնակ­չու­թեան զան­գո­ւա­ծա­յին ջար­դե­րու 26րդ տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով` յի­շեց­նե­լով, որ ատր­պէյ­ճա­նա­կան

իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը զան­գո­ւա­ծա­յին կո­տո­րած կազ­մա­կեր­պած ու գոր­ծադ­րած էին հա­յե­րուն ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեան հա­մար:

«­Շուրջ քա­ռորդ մի­լիոն հա­յու­թիւ­նը են­թար­կո­ւած է բռնու­թիւն­նե­րու, կո­տո­րա­ծի ու տե­ղա­հան­ման, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով քա­ղա­քը ամ­բող­ջու­թեամբ հա­յա­թա­փո­ւած է: Թա­լա­նի ու բռնագ­րաւ­ման են­թար­կո­ւած է Պա­քո­ւի հա­զա­րա­ւոր հայ բնա­կիչ­նե­րու ան­շարժ ու շար­ժա­կան գոյ­քը: Բռ­նու­թիւն­նե­րուն զոհ գա­ցած է ա­ւե­լի քան 400 հայ, ո­րոնց մա­սին կը վկա­յեն մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­պաշտ­պան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը: Այդ օ­րե­րուն Պա­քո­ւի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած բռնու­թիւն­նե­րը Փետ­րո­ւար 1988ին Սում­կա­յի­թի մէջ, իսկ այ­նու­հե­տեւ` Ատր­պէյ­ճա­նի հա­յա­շատ այլ վայ­րե­րու մէջ չդա­տա­պար­տո­ւած ջար­դե­րու շա­րու­նա­կու­թիւնն էին, ո­րոնք ի­րա­կա­նա­ցած են Խորհր­դա­յին Միու­թեան ղե­կա­վա­րու­թեան ի­մա­ցու­թեան եւ թոյլ­տո­ւու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ պե­տա­կան մա­կար­դա­կով տա­րա­ծո­ւած նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ»:

Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ նշո­ւած է, որ Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ո՛չ միայն կը նեն­գա­փո­խեն «­Սեւ Յու­նո­ւար»ի էու­թիւ­նը, այլ նաեւ լռու­թեան ու մո­ռա­ցու­թեան կը մատ­նեն «Ե­րեք ջար­դե­րու մայ­րա­քա­ղաք»ի պատ­մու­թիւ­նը` փոր­ձե­լով կոծ­կել Պա­քո­ւի 1905, 1918 եւ 1990 թո­ւա­կան­նե­րու կո­տո­րած­նե­րու ու Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ ապ­րող հա­յու­թեան նկատ­մամբ կա­տա­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ակն­յայտ հե­տե­ւանք­նե­րը:

«­Պա­քո­ւի հա­յու­թեան դէմ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած սոս­կա­լի կո­տո­րա­ծը մին­չեւ այ­սօր հա­մար­ժէք գնա­հա­տա­կան չէ ստա­ցած: Ա­ւե­լի՛ն, վեր­ջին 26 տա­րի­նե­րուն օգ­տո­ւե­լով ան­պատ­ժե­լիու­թե­նէն` Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կ­՛ի­րա­կա­նաց­նէ հա­յա­տեա­ցու­թեան պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն, որ կ­՛ու­ղեկ­ցո­ւի զի­նա­դա­դա­րի պար­բե­րա­կան խախ­տում­նե­րով եւ պա­տե­րազ­մի վերսկս­ման սպառ­նա­լիք­նե­րով: Յար­գե­լով Պա­քո­ւի ջար­դե­րուն եւ բռնա­տե­ղա­հա­նու­թեան զոհ գա­ցած ան­մեղ հա­յե­րուն յի­շա­տակն ու դա­տա­պար­տե­լով այ­լա­տեա­ցու­թեան, ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թեան եւ ա­հա­բեկ­չու­թեան ո­րե­ւէ դրսե­ւո­րում` Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մնա­յուն յանձ­նա­խում­բը կը վե­րա­հաս­տա­տէ, որ Պա­քո­ւի ջար­դե­րը լիո­վին կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն Մ.Ա.Կ.ի 1948ի «­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը կան­խե­լու եւ պատ­ժե­լու մա­սին» ուխ­տով սահ­մա­նո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան ի­րա­ւա­կան ձե­ւա­կեր­պու­մին»։

«­Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի (Ար­ցա­խի) Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը հե­տե­ւո­ղա­կան պի­տի ըլ­լայ, որ­պէս­զի ատր­պէյ­ճա­նա­հա­յու­թեան ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պող­ներն ու ի­րա­կա­նաց­նող­նե­րը, հա­մա­ձայն մի­ջազ­գա­յին ձե­ւա­չա­փե­րու, են­թար­կո­ւին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան, կոչ կ­՛ուղ­ղէ քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հին եւ խորհր­դա­րա­նա­կան կա­ռոյց­նե­րուն` դա­տա­պար­տե­լու Պա­քո­ւի հայ բնակ­չու­թեան զան­գո­ւա­ծա­յին ջար­դե­րը, ա­նոնց տա­լու ի­րա­ւա­կան գնա­հա­տա­կան»,- նշո­ւած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ: