21 Յունուարին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները հանդէս եկած են Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանի օրակարգին վրայ ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հարցին առնչուող բանաձեւերու նախագիծերու ընդգրկման անդ րադարձող հետեւեալ յայտարարութեամբ, զոր ստորագրած են «Հայրենիք», «Դաշնակցութիւն», «Ժողովրդավարութիւն», «Շարժում-88» եւ «Վերածնունդ» խմբակցութիւնները:
«Ե.Խ.Խ.Վ.ի ձմեռնային նստաշրջանի օրակարգին վրայ Ռոպըրթ Ուոլթըրի «Բռնութեան աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի այլ գրաւեալ տարածքներուն մէջ», նաեւ՝ Միլիցա Մարքովիչի «Ատրպէյճանի սահմանամերձ շրջաններու բնակիչները միտումնաւոր զրկուած են ջուրէ» զեկոյցներուն հիման վրայ պատրաստուած երկու բանաձեւերու նախագիծերուն ընդգրկումը լուրջ անհանգստութիւն յառաջացուցած է Արցախի հանրային շրջանակներուն մէջ, ինչպէս եւ Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերուն մօտ: «Ղարաբաղեան կողմը միշտ ալ պատրաստակամ եղած է միջազգային կառոյցներու հետ համագործակցութեան հարցերուն մէջ, սակայն մենք անընդունելի կը նկատենք միակողմանի եւ կանխակալ զեկուցումներն ու անոնց մէջ տեղ գտած ձեւակերպումները: Ակնյայտ է, որ նշուած զեկուցումները եւ նախագիծերը` Ե.Խ.Խ.Վ.ի չափանիշներու եւ սկզբունքներու խախտումով, կազմուած են միայն մէկ` ատրպէյճանական կողմի տեսակէտներու հիման վրայ, հաշուի չառնելով հայկական կողմերու առաջարկները եւ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման միակ միջազգային միջնորդ կառոյցի` Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի համանախագահութեան դիրքորոշումը: «Ատըրպէյճանական-ղարաբաղեան զօրքերու շփման գիծին վրայ լարուածութեան աճի աստիճանը եւ, ապա, Ատրպէյճանի ռազմատենչ կեցուածքին սատարող բանաձեւերու ընդունումը Պաքուի իշխանութիւններուն ո՛չ միայն կարելիութիւն կու տայ շարունակելու անտեսումը լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի համանախագահներու առաջարկներուն, այլեւ կրնայ ընկալուիլ իբրեւ տագնապը ուժային միջոցներով լուծելու քարթ-պլանշ:
«Որեւէ կողմնակալ, միջազգային միջնորդներու հետ չհամաձայնեցուած գործողութիւն կրնայ խախտել այն փխրուն հաւասարակշռութիւնը, որ ներկայիս լարուած իրավիճակը կը բաժնէ լայնածաւալ պատերազմէ: «Նկատի առնելով վերոնշեալը եւ ընդունելով Եւրոպական Խորհուրդը` իբրեւ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան, իրաւական պետութեան եւ օրէնքի գերակայութեան սկզբունքներու տարածման յառաջատար կառոյց, մենք` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի բոլոր պատգամաւորական խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներս, կոչ կ՛ուղղենք Խորհրդարանական Վեհաժողովի մեր յարգարժան գործընկերներուն` հաւատարիմ ըլլալու Եւրոպական Խորհուրդի նպատակներուն եւ առաքելութեան եւ զերծ մնալու շրջանի կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը վտանգող փաստաթուղթերու ընդունումէն»: