Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նա­գի­րով, շարք մը բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ, շնոր­հո­ւած են Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան 2015 թո­ւա­կա­նի պե­տա­կան մրցա­նակ­ներ` հիմք ըն­դու­նե­լով Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի 2002 թո­ւա­կա­նի Օ­գոս­տոս 22ի «­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան մրցա­նակ­ներ հիմ­նե­լու եւ շնոր­հե­լու կար­գի մա­սին» ՆՀ-1164-Ն հրա­մա­նա­գի­րը,

նաեւ՝ հա­շո­ւի առ­նե­լով պե­տա­կան մրցա­նակ­նե­րու յանձ­նա­խում­բե­րու ա­ռա­ջար­կու­թիւն­նե­րը: Յու­նո­ւար 20ին, նա­խա­գա­հի նստա­վայ­րին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցած է մրցա­նակ­նե­րու յանձն­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ Հ.Հ. նա­խա­գա­հի մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թիւ­նը:

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան 2015 թո­ւա­կաի պե­տա­կան մրցա­նակ­ներ շնոր­հո­ւած են գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րո­ւես­տի, ճար­տա­րա­պե­տու­թեան եւ քա­ղա­քա­շի­նու­թեան, ճշգրիտ եւ բնա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ: Գ­րա­կա­նու­թեան եւ ա­րո­ւես­տի բնա­գա­ւա­ռի շարք մը ո­լորտ­նե­րու մէջ` գրա­կա­նու­թեան եւ հրա­պա­րա­կա­խօ­սու­թեան, ե­րաժշ­տու­թեան եւ շար­ժան­կա­րի ա­րո­ւես­տի, պե­տա­կան մրցա­նակ­նե­րու ար­ժա­նա­ցած են.-

- Յա­կոբ Յա­կո­բեանՅա­կոբ Մով­սէս)` «Եօթ­նե­րորդ որ­սոր­դու­թիւն» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու ժո­ղո­վածուին հա­մար (գրա­կա­նու­թեան եւ հրա­պա­րա­կա­խօ­սու­թեան ո­լորտ),

- Վար­դան Ա­ճէ­մեան` «Հն­չիւ­նի թատ­րոն» լա­րա­յին նո­ւա­գա­խում­բի, կո­սե­րու (թմբուկ) եւ դաշ­նա­մու­րի հա­մար» ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան հա­մար (ե­րաժշ­տու­թեան ո­լորտ),

- Վա­հէ Կե­ւոր­կով (բե­մադ­րիչ), Սա­մո­ւէլ Բա­բա­սեան (հա­մա­կար­գող), Հայկ Բա­դա­լեան (հա­մա­կար­գող), Ան­նա Դեր­ձա­կեան (բե­մագ­րու­թեան հե­ղի­նակ) եւ Ար­թուր Փար­սեան (մոն­թա­ժող)` «Ար­մէ­նիա». ծո­վից ծով» վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի հա­մար (շար­ժան­կա­րի ա­րո­ւես­տի ո­լորտ):

- Ճար­տա­րա­պե­տու­թեան եւ քա­ղա­քա­շի­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ պե­տա­կան մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցած են Նա­րեկ Սարգ­սեան (ճար­տա­րա­պետ), Փոլ Չա­թալ­բա­շեան (կա­ռու­ցա­նող) եւ Ս­տե­փան Ա­խո­յեանՍ­պի­տակ Տ­նակ» Ս.Պ.Ը.ի տնօ­րէն)` Ե­րե­ւա­նի Վազ­գէն Սարգ­սեան փո­ղո­ցին մէջ կա­ռու­ցո­ւած կա­ռա­վա­րա­կան վար­չա­կան հա­մա­լի­րին հա­մար:

- Ճշգ­րիտ եւ բնա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու բնա­գա­ւա­ռին մէջ պե­տա­կան մրցա­նակ շնոր­հո­ւած է Ա­շոտ Սա­ղեա­նին, Ան­նա Մկրտ­չեա­նին եւ Հա­յար­փի Սի­մո­նեա­նին` «­Նոր սե­րուն­դի ոչ սպի­տա­կու­ցա­յին ա­մի­նաթ­թու­նե­րու ար­դիւ­նա­ւէտ փոք­րա­ծա­ւալ ար­տադ­րա­կան տեխ­նո­լո­գիա» աշ­խա­տան­քի հա­մար: