Աշխատանքային այցելութեամբ Յունաստան գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ, Հայաստան-Յունաստան պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Էդուարդ Շարմազանով, 20 Յունուարին, հանդիպում ունեցած է Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Նիքո
լաոս Վութսիսի հետ:
Է. Շարմազանով կարեւոր նկատած է հայ-յունական բազմադարեան ջերմ եւ բարեկամական յարաբերութիւնները` յոյս յայտնելով, որ միջ-խորհրդարանական երկկողմ յարաբերութիւնները ասկէ ետք եւս պիտի շարունակեն զարգանալ:
«Նախորդ դարասկիզբին հայերը եւ յոյները, իբրեւ քրիստոնեաներու, ցեղասպանութեան ենթարկուեցան օսմանեան Թուրքիոյ մէջ:
Մենք բարձր կը գնահատենք Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու փաստը, իսկ հետագային` ցեղապաշտութեան եւ այլատեացութեան դէմ օրինագիծի ընդունումը, որուն միջոցով քրէականացուեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը: Պէտք է նշել, որ տակաւին օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Հայկական Հարցը հայերուն հետ առաջին անգամ արծարծած են օսմանեան խորհրդարանի յոյն անդամները: Հայերը եւ յոյները պէտք է միացնեն իրենց ջանքերը՝ թրքական ժխտողականութեան դէմ պայքարին մէջ»,- յայտնած է Էդուարդ Շարմազանով:
Նիքոլաոս Վութսիս գոհունակութիւն յայտնած է այն մասին, որ անցեալ տարուան 24 Մարտին Հայաստանի խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունած է օսմանեան Թուրքիոյ մէջ յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութիւնը: Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման` Հ.Հ. Ազգային ժողովի փոխ-նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստան այս հարցին լուծումը կը տեսնէ բացառապէս խաղաղ միջոցներով` Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի ձեւաչափով: Ան անընդունելի նկատած է բանակցային ձեւաչափի փոփոխութեան փորձերը:
Յունաստանի խորհրդարանի նախագահը իր կարգին հաստատած է, որ Յունաստան ամբողջովին կը սատարէ Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի համանախագահներուն ջանքերուն:
Երկուստեք կարեւոր նկատած են փոխադարձ այցելութիւնները եւ գործնական սերտ կապերու ամրապնդումը: