Հայաստանի մէջ օրէնքով պիտի արգիլուի սեռական խտրականութեան հիման վրայ կատարուող յղութեան արհեստական ընդհատումը:
Հ.Հ. կառավարութիւնը Ազգային Ժողովի քննարկման ներկայացուցած է «Մարդու վերարտադրողական առողջութեան եւ վերարտադրողական իրա
ւունքների մասին» Հ.Հ. օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին, «Վարչական իրաւախախտումների վերաբերեալ» Հ.Հ. օրէնսգրքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքներու նախագիծներու ծրարը, որու միջոցաւ կ՝առաջարկուի արգիլել սեռային խտրականութեան հիմունքով կատարուած յղութեան ընդհատումը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am։
Իբրեւ հիմնաւորում կը նշուի այն հանգամանքը, որ Մ.Ա.Կ.ի Բնակչութեան Հիմնադրամի տուեալներով՝ ծնունդներու բնականոն սեռային յարաբերակցութիւն կը համարուի 102-106 տղայ, իւրաքանչիւր 100 աղջիկ նորածիններու հաշիւով: Մինչդեռ «Նորածինների սեռերի անհամամասնութիւնը Հայաստանում. ժողովրդագրական տուեալներ եւ վերլուծութիւն» հետազօտութեան տուեալներուն համաձայն` Հայաստանի մէջ այս յարաբերակցութիւնը էականօրէն խախտուած է, որ ի յայտ եկած է դեռ 1990ականներուն:
Նման անհամամասնութեան ձեւաւորումը կապուած է ինչպէս հայ հասարակութեան մէջ տղայ երեխային նախապատւութիւն տալու, ընտանիքին եւ հասարակութեան մէջ տղու դերին եւ նշանակութեան մասին ձեւաւորուած պատկերացումներուն հետ, այնպէս ալ բժշկական ճարտարագիտութիւններու զարգացման իբրեւ արդիւնք ապագայ երեխայի սեռը պարզելու հնարաւորութեան ստեղծումին հետ:
Ծնունդներու բնականոն համարուող սեռային յարաբերակցութեան շեղումները ներկայիս Հ.Հ.ի մէջ վտանգաւոր սահմանագիծի հասած են եւ դարձած լուրջ ժողովրդագրական սպառնալիք: 2011 թուականի դրութեամբ անիկա կազմած է 114 տղայ նորածին` իւրաքանչիւր 100 աղջիկ նորածիններու հաշիւով: Այս ցուցանիշով Հայաստան յայտնուած է սեռի հետ կապուած յղութեան ընդհատման վատագոյն ցուցանիշներ ունեցող երկիրներու շարքին (Չինաստան, Հնդկաստան, Ատրպէյճան, Ալպանիա):
Աւելի՛ն, երրորդ եւ յաջորդ երեխաներու պարագային այդ ցուցանիշը շատ աւելի բարձր է (2008-2012 միջին ցուցանիշը կազմած է` 164 տղայ, 100 աղջկայ դիմաց): Խնդիրը յատկապէս արտայայտուած է մարզերու մէջ (Գեղարքունիք, Արագածոտն, Արմավիր):
Ծնունդներու նման սեռային յարաբերակցութեան հետագայ շարունակման պարագային կը կանխատեսուի սեռական խզում, որուն իբրեւ արդիւնք մինչեւ 2060 թուականը չեն ծնիր 92.932 աղջիկներ, ինչ որ իր հերթին պիտի յանգի ծնունդներու թիւի առաւել կրճատման եւ, իբրեւ հետեւանք, բնակչութեան ընդհանուր թիւի նուազման: Կառավարութեան ներկայացուցած օրէնսդրական ծրարով՝ կ՝առաջարկուի օրէնսդրօրէն արգիլել սեռային նախասիրութեան հետ կապուած յղութեան ընդհատումները, սահմանել յղութեան արհեստական ընդհատումներու կրճատման ուղղուած օրէնսդրական լրացուցիչ կարգաւորումներ եւ մեքենականութիւններ: