Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՀ.Հ. պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ Նալ­պան­տեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, Յու­նո­ւար 18ին մաս­նակ­ցած է Պ­րիւք­սէ­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւն Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան Խոր­հուր­դի 16րդ նիս­տին: Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նեն նա­խա­րա­րու­թեան մա­մու­լի ծա­ռա­յու­թե­նէն:

Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան պատուի­րա­կու­թիւ­նը գլխա­ւո­րած են Ե.Մ. Խոր­հուր­դի նա­խա­գա­հու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող Հո­լան­տա­յի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Պերդ Գուն­տըրս եւ Եւ­րո­պա­կան Յանձ­նա­ժո­ղո­վի եւ­րո­պա­կան հա­րե­ւա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ ընդ­լայն­ման հար­ցե­րով Յանձ­նա­կա­տար Եո­հա­նէս Հան:

Հա­յաս­տա­նի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մաս կը կազ­մէին Ե.Մ.ի մօտ Հ.Հ. ա­ռա­քե­լու­թեան ղե­կա­վար, դես­պան Թա­թուլ Մար­գա­րեան, Հ.Հ. տնտե­սու­թեան նա­խա­րա­րի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալ Գա­րե­գին Մել­քո­նեան, ար­դա­րա­դա­տու­թեան փոխ-նա­խա­րար Վի­գէն Քո­չա­րեան:

Նիս­տին հան­գա­մա­նա­լից կեր­պով քննար­կո­ւած են Հա­յաս­տան-Ե.Մ. հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­տա­գայ զար­գաց­ման նպա­տա­կով ձեռ­նար­կո­ւե­լիք քայ­լե­րը` քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան, յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­պա­գայ ի­րա­ւա­կան հիմ­քին շուրջ ան­ցեալ տա­րե­վեր­ջին մեկ­նար­կած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու, շար­ժու­նա­կու­թեան, մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու, տնտե­սա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու, Ե.Մ.ի կող­մէ Հա­յաս­տա­նին տրա­մադ­րո­ւող ա­ջակ­ցու­թեան առն­չո­ւող հար­ցե­րը:

Բա­նա­լով նիս­տը` նա­խա­րար Նալ­պան­տեան ը­սած է.- «2015ն­ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տա­րի էր Հա­յաս­տան-Ե.Մ. հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար:

Մենք ա­կա­նա­տես ե­ղանք բարձր մա­կար­դա­կի այ­ցե­լու­թիւն­նե­րի, ան­մի­ջա­կան եւ կա­ռու­ցո­ղա­կան երկ­խօ­սու­թեան, երկ­կողմ հան­դի­պում­նե­րի, տար­բեր ո­լորտ­նե­րում Հա­յաս­տան-Ե.Մ. հա­մա­ձայ­նագ­րե­րի վե­րա­բե­րեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րի: Հա­յաս­տան-Ե.Մ. յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րի նոր ի­րա­ւա­կան շրջա­նա­կի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րի նա­խորդ ամ­սո­ւայ մեկ­նար­կը մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րում նոր էջ է: Հա­ւա­տա­ցած ենք, որ նոր հա­մա­ձայ­նա­գի­րը կ’ար­տա­ցո­լի մեր երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րի ծա­ւալն ու խո­րու­թիւ­նը եւ փոխ-շա­հա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար կը սահ­մա­նի նոր ու­ղե­նիշ­ներ»: Նա­խա­րար Նալ­պան­տեան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նած է Ե.Մ.ին` Հա­յաս­տա­նին տա­րի­ներ շա­րու­նակ ցու­ցա­բե­րած ա­ջակ­ցու­թեան եւ օ­ժան­դա­կու­թեան հա­մար, ո­րոնք նշա­նա­կա­լի դեր խա­ղա­ցած են Հա­յաս­տա­նի մէջ բա­րե­փո­խում­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման եւ հիմ­նար­կա­յին կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման հա­մար, եւ վե­րա­հաս­տա­տեց Հա­յաս­տա­նի հաս­տա­տա­կա­մու­թիւ­նը` խո­րաց­նե­լու Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան հետ տար­բեր ո­լորտ­նե­րու մէջ եւ ուղ­ղու­թիւն­նե­րով հա­մա­պար­փակ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը` հիմ­նո­ւե­լով վեր­ջին տա­րի­նե­րու ձեռք­բե­րում­նե­րուն վրայ, հա­շո­ւի առ­նե­լով Հ.Հ. պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը այլ մի­ջազ­գա­յին, ըն­դե­լուզ­ման ձե­ւա­չա­փե­րուն մէջ:

Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը ընդգ­ծած է, որ Ե.Մ.ի հետ փոխ-գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու շար­քին են շար­ժու­նա­կու­թիւ­նը,

մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խթա­նու­մը: Այս ծի­րին մէջ նա­խա­րար Նալ­պան­տեան նշած է, որ 2014 Յու­նո­ւա­րին ու­ժի մէջ մտած Ե.Մ.-­Հա­յաս­տան մուտ­քի ար­տօ­նագ­րա­յին վար­չա­ձե­ւի դիւ­րաց­ման եւ յետ-ըն­դուն­ման մա­սին հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րը ճամ­բայ կը հար­թեն դէ­պի մուտ­քի ար­տօ­նագ­րա­յին կար­գի ա­զա­տա­կա­նաց­ման վե­րա­բե­րեալ գոր­ծըն­թա­ցի սկզբնա­ւո­րու­մը, որ հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի տայ ա­պա­գա­յին հաս­նե­լու Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րու հա­մար մուտ­քի ար­տօ­նագ­րա­յին կար­գի ջնջու­մին: Է­դո­ւարդ Նալ­պան­տեան կա­րե­ւոր հա­մա­րած է նաեւ Գոր­ծըն­կե­րու­թեան եւ Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան Հա­մա­ձայ­նա­գի­րին կից` կող­մե­րու մի­ջեւ ստո­րագ­րո­ւած Ար­ձա­նագ­րու­թեան ու­ժի մէջ մտնե­լը, ո­րուն շնոր­հիւ Հա­յաս­տան կրնայ մաս­նակ­ցիլ Ե.Մ. ծրա­գիր­նե­րու լայն շրջա­նա­կին եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու Ե.Մ. տար­բեր գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րու հետ:

Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան նա­խա­րա­րի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալ Գա­րե­գին Մել­քո­նեան եւ ար­դա­րա­դա­տու­թեան փոխ-նա­խա­րար Վի­գէն Քո­չա­րեան ի­րենց ե­լոյթ­նե­րուն մէջ տե­ղե­կա­ցու­ցած են կա­ռա­վա­րու­թեան տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, դա­տա­կան-ի­րա­ւա­կան ո­լոր­տին մէջ ի­րա­կա­նացուող բա­րե­փո­խում­նե­րու, 2015ի տնտե­սու­թեան եւ դա­տա­կան-ի­րա­ւա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ Ե.Մ.ի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­դիւնք­նե­րուն մա­սին:

Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը Խոր­հուր­դին ներ­կա­յա­ցու­ցած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով ողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին տե­ղի ու­նե­ցած ձեռ­նարկ­նե­րը եւ ա­նոնց խոր­հուր­դը, այդ գծով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է Եւ­րո­պա­կան Խորհր­դա­րա­նին եւ Ե.Մ. ան­դամ եր­կիր­նե­րուն` Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցով ա­նոնց սկզբուն­քա­յին մօ­տեց­ման հա­մար: Նա­խա­րար Նալ­պան­տեան տե­ղե­կա­ցու­ցած է ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու եւ մարդ­կու­թեան դէմ ուղ­ղո­ւած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու կան­խար­գել­ման ուղ­ղու­թեամբ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ջան­քե­րուն մէջ Հա­յաս­տա­նի աշ­խոյժ ներգ­րա­ւո­ւա­ծու­թեան վե­րա­բե­րեալ, նաեւ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նած է Ե.Մ. եր­կիր­նե­րուն` Մ.Ա.Կ.ի ձե­ւա­չա­փե­րուն մէջ հայ­կա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն սա­տա­րե­լու հա­մար:

Է­դո­ւարդ Նալ­պան­տեան նաեւ ներ­կա­յա­ցու­ցած է Ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի հան­գու­ցա­լուծ­ման բա­նակ­ցա­յին հո­լո­վոյ­թին վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը, Ատր­պէյ­ճա­նի ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան եւ սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով Ար­ցա­խի հետ սահ­մա­նա­գի­ծին եւ Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին ստեղ­ծո­ւած վտան­գա­ւոր ի­րա­վի­ճա­կը: