Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՍաղ­մո­սա­վան­քի հա­րե­ւա­նու­թեամբ, Քա­սա­խի ձո­րին կող­քը գտնո­ւող հո­ղա­տա­րած­քը, որ նա­խօ­րէին կա­ռա­վա­րու­թեան ո­րո­շու­մով տրա­մադ­րո­ւած է Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցիին, պի­տի օգ­տա­գոր­ծո­ւի մշա­կու­թա­յին, հա­սա­րա­կա­կան, կրթա­կան կեդ­րոն կա­ռու­ցե­լու հա­մար: Այս մա­սին, վստա­հե­ցու­ցած է Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միա­

ծի­նի մամ­լոյ դի­ւա­նի պա­տաս­խա­նա­տուն՝ Վահ­րամ Քա­հա­նայ Մե­լի­քեան: «Ա­րա­գա­ծոտ­նի թեմն է նման նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ հան­դէս ե­կել: Վան­քի յա­րա­կից տա­րած­քում կա­ռու­ցո­ւե­լու է մշա­կու­թա­յին, սո­ցիա­լա­կան (հա­սա­րա­կա­կան), կրթա­կան կենտ­րոն: Լի­նե­լու է այն­պի­սի կենտ­րոն, ինչ­պի­սին «­Հա­յոր­դաց Տուն»ն­ է»,- ը­սած է Տէր Վահ­րամ: Անդ­րա­դառ­նա­լով կա­ռոյ­ցի նիւ­թա­կան բա­ժի­նին՝ Վահ­րամ Քա­հա­նայ Մե­լի­քեան նշած է, որ ար­դէն կան բա­րե­րար­ներ, ո­րոնք պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած են կեդ­րո­նի կա­ռուց­ման ա­ջակ­ցե­լու հա­մար: Ն­շենք, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Յու­նո­ւար 14ի նիս­տին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նին սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քով ան­հա­տոյց յատ­կա­ցուց 0,4 հա. հո­ղա­մաս: Խօս­քը Ա­րա­գա­ծոտ­նի մար­զի Սաղ­մո­սա­ւան հա­մայն­քին մէջ գտնո­ւող 0,508 հա. պե­տա­կան սե­փա­կա­նու­թիւն հան­դի­սա­ցող բնա­կա­վայ­րե­րու նպա­տա­կա­յին նշա­նա­կու­թեան հո­ղա­մա­սին մէկ մա­սը յատ­կաց­նե­լու մա­սին է: Նշո­ւած տա­րած­քը չ­՝օգ­տա­գոր­ծո­ւիր, դա­տարկ է, հա­մայն­քը մշա­կոյ­թի կեդ­րոն չու­նի, եւ Հա­յաս­տա­նեաց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած է Հ.Հ. Ա­րա­գա­ծոտ­նի մար­զի Սաղ­մո­սա­ւան հա­մայն­քի վար­չա­կան սահ­ման­նե­րուն մէջ գտնո­ւող պե­տա­կան սե­փա­կա­նու­թիւն հան­դի­սա­ցող բնա­կա­վայ­րե­րու հա­սա­րա­կա­կան կա­ռու­ցա­պատ­ման 0,508 հա. հո­ղա­մա­սէն 0,4 հա. տա­րած­քը ե­կե­ղե­ցիին յանձ­նե­լով կա­ռու­ցել մշա­կոյ­թի կեդ­րոն: