Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altԳեր­մա­նա­կան ձայ­նաս­փիւ­ռը անդ­րա­դար­ձած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղին: NEWS.am ո­րո­շա­կի կրճա­տում­նե­րով կը ներ­կա­յաց­նէ այդ տե­ղե­կագ­րու­թիւ­նը.-
«­Վար­ձա­կառ­քը կըն­թա­նայ նեղ կա­նաչ հար­թա­վայ­րով: Մենք կա­ռա­ջա­նանք լաւ աս­ֆալ­թա­պատ ճամ­բով, ո­րուն աս­ֆալթն ու ար­գե­լա­պատ­նէշ­նե­րը ա­ւե­ լի

թարմ վի­ճա­կի մէջ են, քան Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին մայ­րու­ղիի­նը: Այ­նու­հե­տեւ կը յայտ­նո­ւի Ս­տե­փա­նա­կերտ գրու­թեամբ ցու­ցա­նա­կը, որ կազ­դա­րա­րէ, թէ մենք հա­սած ենք Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մայ­րա­քա­ղաք:

«Երբ քա­ղա­քին մէջ կը զբօս­նենք, կը հան­դի­պինք ե­րի­տա­սարդ ա­մու­սին­նե­րու, ո­րոնք կը սպա­սեն ի­րենց ա­ռա­ջին զա­ւա­կին: Այն հար­ցու­մին, թէ չե՞ն ան­հանգս­տա­նար, որ ի­րենց ե­րե­խան պա­տե­րազ­մա­կան ի­րա­վի­ճա­կի մէջ գտնո­ւող երկ­րի մէջ պի­տի մեծ­նայ, ա­նոնք կը պա­տաս­խա­նեն.- «Ի հար­կէ ո՛չ: Հ­նա­րա­ւոր է, որ Եւ­րո­պա­յի մէջ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ ա­նու­նը զու­գոր­դո­ւած է հա­կա­մար­տու­թեան եւ ճգնա­ժա­մի հետ, սա­կայն սա մեր հայ­րե­նիքն է, եւ մենք կապ­րինք հոս խա­ղաղ: Մենք յոյս ու­նինք, որ մեր ե­րե­խա­նե­րը նոյն­պէս խա­ղա­ղու­թեան մէջ մեծ­նան»:

Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ զբօ­սաշր­ջու­թեան գոր­ծա­կա­լու­թիւն­ներ կաշ­խա­տին: Ա­նոնց­մէ մէ­կուն կը հարց­նեմ, թէ շա­հա­ւէ՞տ է ար­դեօք նման գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լել վայ­րի մը մէջ, որ աշ­խար­հին յայտ­նի է որ­պէս հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տի:

«Ես զբօ­սաշր­ջիկ­ներ կը բե­րեմ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ 1995էն ի վեր: Ա­նոնց անվը­տան­գու­թեան ո­րե­ւէ բան եր­բեք չի սպառ­նար: Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղը ա­ւե­լի անվ­տանգ է զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու հա­մար, քան Պեր­լի­նը»,- կը­սէ գոր­ծա­կա­լու­թեան սե­փա­կա­նա­տէ­րը:

Հե­ղի­նա­կը յօ­դո­ւա­ծին մէջ նաեւ կանդ­րա­դառ­նայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հնա­գի­տա­կան մար­գա­րիտ Տիգ­րա­նա­կերտ քա­ղա­քին` պատ­մե­լով ա­նոր յայտ­նա­բեր­ման պատ­մու­թիւ­նը եւ յի­շա­տա­կե­լով հա­յոց Տիգ­րան Մեծ թա­գա­ւո­րը: