Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՀա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րար ­Յաս­միկ ­Պօ­ղո­սեան, «­Նիուզ»ի թղթա­կի­ցին հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին, անդ­րա­դառ­նա­լով «­Հայ­ֆիլմ» շար­ժան­կա­րի ա­րո­ւես­տա­նո­ցին (Studio) ա­պա­գայ ճա­կա­տա­գի­րին՝ ը­սած է, որ ա­նոր պահ­պա­նու­մը ա­նի­րա­տե­սա­կան է, որ­քան ալ ը­սենք, թէ փա­փաք կայ զայն պա­հե­լու։

2015ի ա­մա­ռո­ւը­նէ կա­ռա­վա­րու­թեան հո­վա­նիին տակ գտնուող ա­րո­ւես­տա­նո­ցին պահ­պա­նու­մը շատ դժո­ւար նկա­տած է նա­խա­րա­րը։ «­Ռու­սաս­տա­նի պէս պե­տու­թիւ­նը չի կա­րող ար­դիա­կա­նաց­նել իր կի­նօս­տու­դիա­նե­րը (շար­ժան­կա­րի ա­րուես­տա­նոց­նե­րը): ­Շատ դժո­ւար ծրա­գիր է եւ հե­տա­գայ ճա­կա­տա­գի­րը պէտք է լի­նի բիզ­նես (գոր­ծա­րա­րու­թիւն)՝ ո­րո­շա­կի ա­ռա­ջար­կի հի­ման վրայ, այ­լա­պէս այդ ծրա­գի­րը օ­դում կա­խո­ւած կը մնայ: ­Ֆիլ­մե­րի (ժա­պա­ւէն­նե­րի) թո­ւայ­նա­ցու­մը կը շա­րու­նա­կենք, բայց հե­տա­գայ ճա­կա­տա­գի­րը եւս պի­տի յստակ դի­տար­կո­ւի կի­նօին­դուստ­րիա­յի (շար­ժան­կա­րի ճար­տա­րա­րո­ւես­տի) զար­գաց­ման ծրագ­րի պա­րա­գա­յում՝ բիզ­նես (գոր­ծա­րա­րա­կան) տար­րի բա­ղադ­րի­չով, ո­րով­հե­տեւ կի­նօս­տու­դիա­յի (շար­ժան­կա­րի ա­րո­ւես­տա­նո­ցի) պահ­պա­նումն այ­սօր ա­նի­րա­տե­սա­կան է»,- հաս­տա­տած է մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րը:

Ըստ ա­նոր՝ շար­ժան­կա­րի սթիւ­տիո­յին (ա­րո­ւես­տա­նո­ցին) դժո­ւար ճա­կա­տա­գի­րը պէտք է հիմ­նո­ւի գոր­ծա­րա­րու­թիւն-ա­ռա­ջար­կի վրայ, միայն անձ­նա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու կամ ան­հատ­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան իբ­րեւ ար­դիւնք: ­Ցարդ չկան ա­ռա­ջարկ­ներ, ներդ­րո­ղի փնտռտուք­նե­րը տա­կա­ւին ա­պար­դիւն կը մնան, թե­րեւս յա­ռա­ջի­կա­յին կ­՛ըլ­լան հե­տաքրք­րո­ւող­ներ։

«Այ­սօր մենք խօ­սում ենք կի­նօ (շար­ժան­կար) ար­տադ­րա­կան բա­զա­յի (խա­րիսխ) մա­սին, ո­րը չա­փա­զանց ծախ­սա­տար խնդիր է, եւ ա­ռանց մաս­նա­ւոր հա­տո­ւա­ծի՝ պե­տու­թիւ­նը չի կա­րո­ղա­նա­լու այդ խնդի­րը յաղ­թա­հա­րել: ­Դեռ չկայ ներդ­րող, մենք հի­մա ծրա­գի­րը պէտք է ամ­փո­փենք, թէ ի՞նչ ենք ու­զում տես­նենք, ո­րից յե­տոյ, բնա­կա­նա­բար, կը սկսենք բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, թէ ո՞վ կա­րող է հե­տաքրք­րո­ւել այդ ծրագ­րին ներգրա­ւե­լու ա­ռա­ջար­կով»,- դի­տել տո­ւած է նա­խա­րա­րը: