Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, 13 Յունուարին, մասնակցած է 2015 թուականի ուսումնական տարուան ընթացքին հինգերորդ բանակային զօրամիաւորման աշխատանքներու արդիւնքներու ամփոփման նուիրուած զինուորական խորհուրդի նիստին, որու ընթացքին հաշուետու զեկու
ցումներով հանդէս եկած են զօրամիաւորման հրամանատարի տեղակալները:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը տեղեկացուցած է, որ նիստի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է զօրահաւաքի պատրաստուածութեան, մարտական հերթապահութեան ու պատրաստութեան եւ զինուորական կարգապահութեան ամրապնդման հարցերու կատարելագործման միտող աշխատանքներու արդիւնքներուն: Լուսարձակի տակ առնուած է այն իրողութիւնը, որ աւելիով բարձրացած է զօրքերու մարտական պատրաստութեան եւ առաջադրուած մարտական խնդիրներուն անմիջական կերպով արձագանգելու աստիճանը, լուրջ ուշադրութիւն դարձուած է յատկապէս սահմանագիծին վրայ տարուող աշխատանքներու կատարելագործման: Զեկուցողները անդրադարձած են նաեւ զօրամիաւորման ենթակայ ստորաբաժանումներու մէջ մարտական հերթապահութեան նախապատրաստման եւ կրման կազմակերպման, անոր վերահըսկման հոլովոյթին, ծրագրուած եւ գործադրուած երկրաչափական աշխատանքներու որակին: Ամփոփելով զինուորական խորհուրդի նիստը` պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան բարձր գնահատած է նախորդ ուսումնական տարուան ընթացքին տարուած գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնն ու արձանագրուած որակական յառաջընթացը, միաժամանակ անդրադարձած է գոյութիւն ունեցող կարգ մը բացթողումներու եւ զանոնք յաղթահարելու հիմնական քայլերուն ու աշխատանքային ուղղութիւններուն: Ան հաստատած է, որ «2016ի ուսումնական տարուան ընթացքին զինուած ուժերը հաւատարիմ պիտի մնան մնայուն զարգացման եւ շարունակական յառաջընթացի սկզբունքներուն` տարուան ընթացքին ղեկավարուելով «Պատրաստուած հրամանատար, արհեստավարժ բանակ, ապահով հայրենիք» կարգախօսով»: Նիստի աւարտին, ուսումնական տարուան ընթացքին լաւագոյն արդիւնքներ ցուցաբերած զինուորական ստորաբաժանումներուն յանձնուած են պատուոյ դրօշներ: Լաւագոյն աշխատանքը տարած զինուորները արժանացած են շքանշաններու, պատուոյ գիրերու եւ արժէքաւոր նուէրներու: