Անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սկսաւ 2016 թուականի ձմեռնային զօրակոչը: Զօրակոչին մասնակցող բոլոր կառոյցներու համակարգուած աշխատանքներուն շնորհիւ, աւելի բարձր հիմքերու վրայ դրուած է զօրակոչային հոլովոյթի իրականացումը: Աւելի օրինական եւ թափանցիկ զօրակոչ
ապահովելու նպատակով ներդրուած զինուորական ծառայութեան վայրի ընտրութեան վիճակահանութեան սկզբունքը կ՛ապահովէ արդարութեան սկզբունքներու պահպանումը, նուազագոյնին կը հասցնէ փտածութեան դրսեւորումները եւ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ առաւելագոյնս կանխելու անօրինականութիւնները: Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու համալրման հոլովոյթը խստագոյնս կը վերահսկուի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան ղեկավարութեան եւ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ: