Ձմեռնային զօրակոչի ընթացքը եւ իրականացուող աշխատանքները տեղւոյն վրայ դիտարկելու նպատակով` հանրապետական կեդրոնական հաւաքակայան այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան: Զրուցելով նորակոչիկներու ծնողներուն եւ հարազատներուն հետ, Սէյ
րան Օհանեան վստահեցուցած է, որ հայկական զինուորական ուժերը ամէն օր գերազանցութեամբ կը յանձնեն իրենց առջեւ դրուած քննութիւնը, ինչ որ վստահաբար բանակի ղեկավարութեան եւ հրամանատարութեան հետեւողական աշխատանքին, հայ զինուորներու բարեխիղճ ծառայութեան եւ հասարակութեան միակամ աջակցութեան արդիւնքն է: Պաշտպանութեան նախարարը ըսած է, որ զօրակոչ առ զօրակոչ կը կատարուի կարելին` համապետական նշանակութեան այս կարեւոր հոլովոյթը յաւուր պատշաճի կազմակերպելու, զօրակոչի թափանցիկութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ:
Նախարար Սէյրան Օհանեան երիտասարդներուն յորդորած է գիտակցաբար մօտենալ զինուորական ծառայութեան, լսած է հրամանատարներուն մտահոգութիւնները եւ անվերապահօրէն ցուցմունքներ կատարած է անոնց: