Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Լ.Ղ.Հ. Մար­տու­նիի շրջա­նի Ծո­վա­տեղ հա­մայն­քի ա­շա­կերտ­նե­րը նոր տա­րիէն սկսեալ ի­րենց դա­սե­րը սկսած են նո­րա­կա­ռոյց դպրո­ցա­կան շէն­քի մէջ: Artsakhpress.amի տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ Ծո­վա­տեղ հա­մայն­քի ղե­կա­վար Ար­տակ Դա­նիէ­լեան յայտ­նած է, թէ դպրո­ցը մեծ նո­ւէր էր հա­մայն­քի բնակ­չու­թեան հա­ մար:

«Ձ­մեռ­նա­յին ար­ձա­կուրդ­նե­րից յե­տոյ այ­սօր ա­ռա­ջին օրն է, եւ մեր գիւ­ղի ա­շա­կերտ­նե­րը յա­ճա­խում են յար­մա­րա­ւէտ, լու­սա­ւոր, ջե­ռու­ցո­ւող նո­րա­կա­ռոյց դպրոց: Սա մեր տա­րի­նե­րի ե­րա­զանքն է ե­ղել»,- ը­սած է հա­մայն­քի ղե­կա­վա­րը: Ա. Դա­նիէ­լեա­նի տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով` դպրո­ցը նա­խա­տե­սո­ւած է 85 ե­րե­խա­յի հա­մար, սա­կայն այժմ այն­տեղ կը յա­ճա­խէ 34 փոք­րիկ, եւս 14 նա­խադպ­րո­ցա­կան տա­րի­քի ե­րե­խա­ներ կան, ո­րոնց հա­մար դպրո­ցա­կան նոր շէն­քին մէջ պի­տի բա­ցո­ւի ա­ռան­ձին խումբ:

«­Մաս­նա­գէտ­նե­րի խնդիր չու­նենք, դպրոցն այդ ա­ռու­մով ա­պա­հո­վո­ւած է, իսկ շէն­քա­յին նոր պայ­ման­նե­րը թոյլ են տա­լիս, որ­պէս­զի 9ա­մեայ հա­մա­կար­գից անց­նենք 12ա­մեայ կրթու­թեան»,- ը­սած է գիւ­ղա­պե­տը` ա­ւելց­նե­լով, որ նա­խա­պէս Ծո­վա­տե­ղի ե­րե­խա­նե­րը միջ­նա­կարգ կրթու­թիւն ստա­նա­լու հա­մար ստի­պո­ւած էին եր­կար ճա­նա­պարհ կտրել հա­րե­ւան Հեր­հեր հա­մայն­քի դպրո­ցին մէջ կրթու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար:

Ա. Դա­նիէ­լեան նշած է նաեւ, որ նախ­կին դպրո­ցա­կան շէն­քը, որ կը գտնո­ւի անմ­խի­թար վի­ճա­կի մէջ, ա­ջակ­ցու­թեան պա­րա­գա­յին կը փա­փա­քին վե­րա­նո­րո­գել եւ ծա­ռա­յաց­նել հան­դի­սու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար, քա­նի որ գիւ­ղին մէջ նման ձեռ­նարկ­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման խնդիր կայ:

Ն­շենք, որ Ծո­վա­տե­ղի նո­րա­կա­ռոյց ե­ռա­յարկ դպրո­ցը կա­ռու­ցո­ւած է պե­տա­կան պիւտ­ճէի մի­ջոց­նե­րով: Ա­նի­կա ու­նի ա­ռան­ձին մար­զա­դահ­լիճ, գրա­դա­րան եւ ռազ­մա­գի­տու­թեան սե­նեակ: Լ.Ղ.Հ. քա­ղա­քա­շի­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով` նո­րա­կա­ռոյց կրթօ­ճա­խը, ըստ նա­խագ­ծա­նա­խա­հա­շո­ւա­յին փաս­տա­թուղ­թե­րուն` կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ շի­նա­րա­րու­թեան ար­դի չա­փա­նիշ­նե­րուն: