Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հա­յաս­տա­նի «Է­րե­բու­նի» օ­դա­յին ռազ­մա­կա­յա­նը 2016ի երկ­րորդ կէ­սին կը հա­մալ­րո­ւի բազ­մա­թի­րա­խա­յին ճա­կա­տա­յին ՄիԳ-29 կոր­ծա­նիչ­նե­րու նոր խմբա­քա­նա­կով,- կը յայտ­նէ Ռու­սիոյ հա­րա­ւա­յին ռազ­մա­կան շրջա­նի մա­մու­լի ծա­ռա­յու­թիւ­նը:

ՄիԳ-29 ինք­նա­թիռ­նե­րը, ո­րոնք ռազ­մա­կա­յան կ­þու­ղար­կո­ւին վե­րա­նո­րո­գու­մէ ետք, կը պաշտ­պա­նեն Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րը Ա.Պ.Հ. եր­կիր­նե­րու Հ.Օ.Պ. միա­ւո­րո­ւած հա­մա­կար­գե­րու շրջա­գի­ծէն

ներս եւ կա­նո­նա­ւոր կեր­պով ու­սում­նա­մար­զա­կան թռիչք­ներ կը կա­տա­րեն միա­ւոր­ման մար­տա­կան պատ­րաս­տա­կա­նու­թեան չա­փա­կա­նոն­նե­րով:

«2016ի երկ­րորդ կէ­սին «Է­րե­բու­նի» օ­դա­յին ռազ­մա­կա­յա­նը, ո­րը կը գտնո­ւի Հ.Հ.ի մէջ, կը ստա­նայ 4րդ սե­րուն­դի բազ­մա­թի­րա­խա­յին ճա­կա­տա­յին ՄիԳ-29 կոր­ծա­նիչ­նե­րու նոր խմբա­քա­նակ եւ Մի-8 մէկ տրանս­պոր­տա­յին ուղ­ղա­թիռ»,- կ­’ը­սո­ւի հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ: 2015ի Դեկ­տեմ­բե­րին Ռու­սաս­տա­նը հա­մալ­րած է Հա­յա­տա­նի մէջ գտնո­ւող ռազ­մա­կա­յա­նը՝ մար­տա­կան եւ տրանս­պոր­տա­յին ուղ­ղա­թիռ­նե­րու նոր խմբա­քա­նա­կով: