Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Գիւմրիի «Վերածնունդ» փառատօնին նուիրուած գրութիւն մը «Ազատ Օր»ի խմբագրութեան ուղարկեց Մարսէյլի մշակութային կեդրոնի տնօրէն
պրն. Խաչիկ Եըլմազեանը, որը երկու մասով կը հրատարակենք ստորեւ.-


Երաժիշտ-կատարողներու «Վերածնունդ» միջազգային մրցոյթ-փառատօնի՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20 ամեակին, հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ Գիւմրիի Վարդան Աճեմեանի անուան տրամատիքական թատրոնի դահլիճին մէջ, Հինգշաբթի, Մայիս 5, ժամը 17-ին:

Բաւական երկար, սակայն հաճելի եւ որակեալ յայտագիր մը մեզ կը սպասէր: Բերնէ բերան լեցուած դահլիճի եւ բեմի լոյսերը երբ սկսան դանդաղ հանգչիլ, պաստառի վրայ ցուցադրուեցան հայոց աշխարհի լեռներն ու զանազան բնական գեղեցկութիւնները, որուն զուգահեռ ձայնագրութեամբ կը հնչէր Համօ Սահեանի «Հայաստան ասելիս» զգայացունց բանաստեղծութիւնը, զոր սքանչելիօրէն, յուզիչ, խոր ձայնով եւ ապրումով ներկայացուց Գիւմրիէն Յովհաննէս Յովհաննէսեանը: Ահաւասիկ այս պարզ, սակայն խորաթափանց բանաստեղծութիւնը:
Հայաստան ասելիս այտերս այրւում են,
Հայաստան ասելիս ծնկներս ծալւում են,
Չգիտեմ ինչո՞ւ է այդպէս:
Հայաստան ասելիս շրթունքս ճաքում է,
Հայաստան ասելիս հասակս ծաղկում է,
Չգիտեմ ինչո՞ւ է այդպէս:
Հայաստան ասելիս աչքերս լցւում են,
Հայաստան ասելիս թեւերս բացւում են,
Չգիտեմ ինչո՞ւ է այդպէս:
Հայաստան ասելիս աշխարհը իմ տունն է,
Հայաստան ասելիս էլ մահը ո՞ւմ շունն է,
Կը մնամ, կը լինեմ այսպէս:
«Սպեղանի» երգչախումբը եւ Կիւմրիի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը սրտայոյզ մեկնաբանութեամբ կատարեցին Արմէն Սմբատեանի «Հայաստան» երգը, ղեկավարութեամբ արժէքաւոր մաեսթրօ Երուանդ Վարոսեանի:
Ապա բեմ բարձրացան Կիւմրիի Վ. Աճեմեանի անուան տրամատիքական թատրոնի երկու շնորհալի դերասանները, որոնք ամբողջ հանդիսութեան ընթացքին կատարեցին ձեռնահասօրէն հանդիսավարի պարտականութիւնը: Գոհար Խաչատրեանն ու Տիգրան Գարոեանը ջերմապէս ողգունելով ներկաները ի միջի այլոց ըսին. «Վերստին միասին ենք արհեստներու ու արուեստներու բնօրրան Կիւմրիի մէջ, երաժիշտ-կատարողներու «Վերածնունդ» երրորդ միջազգային մրցոյթ-փառատոնի առիթով, որ նուրուած է Հ.Հ.եան անկախութեան 20 ամեակին:
Ազատ ու անկախ ապրելու եւ ստեղծագործելու փափաքն ու զգացողութիւնը իրենց հոգիին մէջ կրած են հայ ժողովուրդի բոլոր սերունդները:
Դարեր շարունակ, սերնդէ սերունդ հայ ժողովուրդը ձգտած է անկախ Հայաստանի տեսլականին, որ կը մարմնաւորէ ազատութիւնը, մարդկային ու ազգային արժանապատուութիւնը, բարին ու գեղեցիկը արարելու իրաւունքն ու պատմական հնարաւորութիւնը…»
Այս հանդիսութեան ընթացքին ներկաները ապրեցան անակնկալ մը. հեղինակութիւն եւ համընդհանուր ճանաչում ձեռք բերած «Վերածնունդ փառատօնը բնականաբար պէտք էր ունենար նաեւ իր երաժշտական եւ բանաստեղծական անձնագիրը‘ փառերգը: Ահա, առաջին անգամ ըլլալով հնչեց փառերգը, հսկայ դահլիճին մէջ ալիք առ ալիք տարածուելով անոր գեղահիւս մեղեդիները, կատարողութեամբ կրկին «Սպեղանի» երգչախումբի (գեղ. ղեկավար Մարինա Աւթանտիլեան) եւ Կիւմրիի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի:
Ինչպէս նախանցեալ փառատօներու առիթով, նոյնպէս ալ այս երրորդին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն հայրական սիրով իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքներն ուղղարկած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին երկրորդը: Սոյն գիրը կարդաց Երեւանի պետական համալսարանի աստուածաբանութեան բաժանմունքի տեքան, Տ. Անուշավան եպիսկոպոս Ժամկոչեանը:

(Մրցոյթի նպատակներուն եւ գործընթացքին անդրադարձող գրութեան երկրորդ բաժինը
կը հրատարակենք մեր վաղուան թիւով):

ԽԱՉԻԿ ԵԸԼՄԱԶԵԱՆ