Հայաստանի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան 29 Դեկտեմբերին անակնկալօրէն այցելած է «Զատիկ» երեխաներու աջակցութեան կեդրոն: Մխիթարեանի այցելութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է երեխաներուն մօտ, որոնք բոլորն ալ կը ճանչնան ու կը սիրեն Հենրիխը, կը դիտեն անոր մասնակցու թեամբ խաղերը, անոր երկրպագուներէն են եւ կ՛ուրախանան անոր յաջողութիւններով: Մխիթարեան սեղանի թենիս խաղացած է երեխաներուն հետ, լուսանկարուած՝ գրեթէ բոլորին հետ - շատերու հետ առանձին-առանձին, ինչպէս նաեւ՝ խումբով: Երեխաները սկսած են ըսելու.- «Հենօ, Հենօ, Հայաստան, Հայաստան»: Երեխաները արտասանած են «Հայր Մեր»ը. անոնց միացած է նաեւ Հենրիխ:
Աւարտին երեխաները ներկայացուցած են իրենց կողմէ բեմադրուած պարեր: Երեխաներն ու կեդրոնի ղեկավարութիւնն ու անձնակազմը իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են Հենրիխ Մխիթարեանին: