Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­«­Հիւ­սիս-հա­րաւ ճա­նա­պար­հա­յին մի­ջանցք» ներդ­րու­մա­յին ծրա­գի­րի ծի­րին մէջ կա­յա­ցած է ճամ­բու ա­ռա­ջին հա­տո­ւա­ծի (­Շերտ 1)՝ Ե­րե­ւան-Ար­տա­շատ եւ Ե­րե­ւան-Աշ­տա­րակ հա­տո­ւած­նե­րու երկ­կողմ եր­թե­ւե­կի բա­ցու­մը: Այս շեր­տի ընդ­հա­նուր ֆի­նան­սա­ւոր­ման գու­մա­րը կը կազ­մէ 70 մի­լիոն տո­լար եւ ի­րա­կա­ նու­թիւն կը դառ­նայ Ա­սիա­կան ­Զար­գաց­ման Դ­րա­մա­տան վար­կա­յին մի­ջոց­նե­րով եւ ­Հա­յաս­տա­նի հա­մա­ֆի­նան­սա­ւոր­մամբ:

­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ներ­կայ գտնո­ւած է «հիւ­սիս-հա­րաւ ճա­նա­պար­հա­յին մի­ջանցք»ի ա­ռա­ջին հատուա­ծի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան: «­Հիւ­սիս-հա­րաւ» պե­տա­կան ոչ-ա­ռեւտ­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան գլխա­ւոր գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ար­թուր ­Սարգ­սեա­նի գնա­հատ­մամբ, ճամ­բան մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կով է եւ պի­տի ու­նե­նայ ա­ւե­լի քան 30 տա­րո­ւան կեանք: ­Հա­յաս­տա­նի ­Գոր­ծա­րար­նե­րու ­Միու­թեան նա­խա­գահ Ար­սէն ­Ղա­զա­րեան եւս շեշ­տած է, որ մայ­րու­ղին պի­տի նպաս­տէ ո՛չ միայն ա­ռեւ­տու­րի զար­գաց­ման, այլ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նը պի­տի դարձ­նէ եւ­րո­պա­կան չա­փա­նիշ­նե­րով տա­րան­ցիկ պե­տու­թիւն: «­Ճա­նա­պար­հը կը բե­րի ա­րա­գու­թիւն, ճկու­նու­թիւն, եւ­րո­պա­կան մշա­կոյթ: Այն կը նպաս­տի ոչ միայն բիզ­նե­սի զար­գաց­մա­նը, այ­լեւ ­Հա­յաս­տա­նը կը դարձ­նի տա­րան­ցիկ ֆունկ­ցիա ի­րա­կա­նաց­նող եր­կիր»,- դի­տել տո­ւած է Ար­սէն ­Ղա­զա­րեան: Ե­րե­ւան-Աշ­տա­րակ վե­րա­նո­րո­գո­ւած հա­տո­ւա­ծի եր­կա­րու­թիւ­նը 11,4 քի­լո­մեթր է, իսկ Ե­րե­ւան-Ար­տա­շա­տի­նը՝ 19,6 քմ.: Ամ­բող­ջու­թեամբ նո­րո­գո­ւած է գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ծած­կը, ար­դիա­կա­նա­ցո­ւած են են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րը: Այս ծրա­գի­րով լայն­ցո­ւած է ճամ­բուն եր­թե­ւե­կե­լի մա­սը՝ 4 շար­քէն հաս­նե­լով 6ի: ­Տե­ղադ­րո­ւած են ջրա­հե­ռաց­ման ա­ռու­ներ, նո­րո­գո­ւած եւ վե­րա­դա­սա­ւո­րո­ւած են ճա­նա­պար­հա­յին նշան­ներն ու սար­քե­րը։