Շարժանկարի աշխարհահռչակ բեմագիր եւ երաժիշտ Էմիր Քուսթուրիցա Դեկտեմբեր 25ին Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցանած է Եղեռնի զոհերուն: Նոյն իրիկունը, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Քուսթուրիցայի եւ «The No Smoking Orchestra» ֆոլք-ռոք խումբի համերգը, «Կ. Դեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ: Համերգը կազմակերպուած է Հ.Հ. մշակոյթի նախարարութեան եւ Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի աջակցութեամբ: Էմիր Քուսթուրիցա մրցանակակիր է Քաննի փառատօնի, արժանացած է բազմաթիւ այլ մրցանակներու եւս: Հեղինակ է ծանօթ բազմաթիւ ժապաւէններու: Բացի շարժանկարի աշխարհէն, Քուսթուրիցա ծանօթ է նաեւ որպէս «The No Smoking Orchestra» ֆոլք–ռոք խումբի անդամ: