Print
Category: Հայաստան-Արցախ

alt«­Մեր բա­ցար­ձակ թի­ւե­րը բարձր չեն, ուս­տի ներ­կայ ցու­ցա­նիշ­նե­րով մենք զմեզ բա­ւա­րա­րո­ւած չենք կրնար նկա­տել: ­Հա­յաս­տա­նին անհ­րա­ժեշտ է ա­ւե­լի բարձր, եր­կա­րա­ժամ­կէտ ու կա­յուն աճ, որ­պէս­զի ար­տա­քին բա­ցա­սա­կան ազ­դակ­նե­րէն խո­ցե­լի չըլ­լայ»,- յայ­տա­րա­րած է նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան, գոր­

ծա­րար­նե­րու ա­մա­նո­րեան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին:

«2015ին տնտե­սա­կան զար­գա­ցում­նե­րու 11 ամ­սո­ւան փաս­տա­ցի ցու­ցա­նիշ­նե­րը կը յու­շեն, որ ներդ­րո­ւած ջան­քե­րուն շնոր­հիւ յա­ջո­ղած ենք մեր երկ­րի տնտե­սա­կան մի­ջա­վայ­րը, մեր կա­րե­լիու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ, զերծ պա­հել ար­տա­քին աշ­խար­հէն ե­կող բա­ցա­սա­կան ազ­դակ­նե­րու պատ­ճա­ռով էա­կան ցնցում­նե­րէ: Այս­պէ՛ս, ­Յու­նո­ւա­րէն մին­չեւ ­Նո­յեմ­բեր 2015, տնտե­սա­կան աշ­խու­ժու­թեան ցու­ցա­նի­շը կազ­մած է 2,9 առ հա­րիւր, այն պա­րա­գա­յին՝ երբ տա­րո­ւան սկիզ­բը մաս­նա­գէտ­նե­րը ակն­կա­լած էին զե­րօ, իսկ այլ պա­րա­գա­նե­րու նաեւ բա­ցա­սա­կան տնտե­սա­կան ա­ճի ցու­ցա­նիշ»,- նշած է նա­խա­գա­հը՝ կա­րե­ւոր նկա­տե­լով նաեւ մի­ջին ամ­սա­կան աշ­խա­տա­վար­ձե­րու 8,5 առ հա­րիւր ա­ճը (գնա­ճի 4,1 առ հա­րիւ­րով բարձ­րաց­ման պա­րա­գա­յին) եւ յա­րա­բե­րա­կան կա­յու­նու­թիւ­նը ար­ժու­թա­յին շու­կա­յին մէջ:

«Վս­տա­հա­բար, շատ եր­կիր­ներ ու­րախ պի­տի ըլ­լա­յին այս­պի­սի ցու­ցա­նիշ­ներ ար­ձա­նագ­րե­լով, սա­կայն մեր բա­ցար­ձակ թի­ւե­րը բարձր չեն, ուս­տի եւ մենք զմեզ ներ­կայ ցու­ցա­նիշ­նե­րով բա­ւա­րա­րո­ւած չենք կրնար նկա­տել: ­Հա­յաս­տա­նին անհ­րա­ժեշտ է ա­ւե­լի բարձր, եր­կա­րա­ժամ­կէտ ու կա­յուն աճ, որ­պէս­զի ար­տա­քին բա­ցա­սա­կան ազ­դակ­նե­րէն խո­ցե­լի չըլ­լայ: ­Միայն այդ ձե­ւով կրնանք մեր ար­ժա­նի տե­ղը ու­նե­նալ հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սու­թեան մէջ»,- ը­սած է նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան: Ան մատ­նան­շած է ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Դ­րա­մա­տան «­Տո­ւինկ պիզ­նըս» վար­կա­նի­շով ­Հա­յաս­տա­նի 3 կէ­տով յա­ռաջ­խա­ղաց­քը, ինչ­պէս նաեւ Մ.Ա.Կ.ի ­Զար­գաց­ման Ծ­րա­գի­րի «­Մարդ­կա­յին նե­րու­ժի զար­գաց­ման» եւ ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Տն­տե­սա­կան ­Հա­մա­ժո­ղո­վի «­Հա­մաշ­խար­հա­յին մրցու­նա­կու­թիւն» զե­կու­ցում­նե­րուն մէջ, իբ­րեւ բա­րե­փո­խում­նե­րու աշ­խոյժ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման ար­ձա­նագ­րու­մը:

«Ի­րա­կա­նա­ցո­ւող տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան շրջա­գի­ծին մէջ, իմ կար­ծի­քովս, կա­րե­ւո­րա­գոյն աշ­խա­տան­քը մի­տո­ւած է ար­տա­հան­ման խրա­խուս­ման: Այս ուղ­ղու­թեամբ ար­դէն լաւ հիմ­քեր դրած ենք, եւ ա­սոր ար­դիւնք­նե­րը ար­դէն տե­սա­նե­լի են: ­Յա­ռա­ջի­կայ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին պէտք է հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն շա­րու­նա­կենք մեր աշ­խա­տան­քը այս ուղ­ղու­թեամբ»,- նշած է նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան ու ա­ւել­ցու­ցած.- «­Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, ան­շուշտ, սե­փա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան ուղ­ղա­կի պա­տաս­խա­նա­տուն չէ, սա­կայն կրնայ եւ պար­տա­ւոր է նա­խադ­րեալ­ներ ստեղ­ծե­լու ա­տի­կա բա­րե­լա­ւե­լու հա­մար: ­Հան­քար­դիւ­նա­բե­րու­թիւն, սնուն­դի ար­տադ­րու­թիւն ա­մէ­նէն լայն ի­մաս­տով` նե­րա­ռեալ ամ­բողջ գիւ­ղատն­տե­սու­թիւ­նը, զբօ­սաշր­ջու­թիւն, տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թիւն, ա­ռող­ջա­պա­հա­կան եւ կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րու ար­տա­հա­նում - ա­սի­կա ոչ ամ­բող­ջա­կան ցանկն է բո­լոր այն մար­զե­րուն, ո­րոնց­մով թէ՛ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, թէ՛ մեր գոր­ծա­րար հան­րու­թիւ­նը ջանք ու ե­ռանդ պէտք չէ խնա­յեն նոր գա­ղա­փար­նե­րու ու նոր ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար:»