Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ­Թան­գա­րան-­Հիմ­նար­կի նոր ու հա­մալ­րո­ւած ցու­ցադ­րու­թեան 2015ին ծա­նօ­թա­ցած է մօտ 72 հա­զար այ­ցե­լու: «Ար­մենփ­րես»ի փո­խանց­մամբ՝ այս մա­սին լրագ­րող­նե­րու հետ տա­րե­վեր­ջի հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ տե­ղե­կա­ցու­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ­Թան­գա­րան-­Հիմ­նար­կի փոխ-տնօ­րէն ­Լու­

սի­նէ Աբ­րա­հա­մեան: «­Տա­րին ան­նա­խա­դէպ էր թուրք այ­ցե­լու­նե­րի քա­նա­կով: Այս տա­րի ­Թան­գա­րա­նի վե­րա­բա­ցու­մից յե­տոյ թան­գա­րան է այ­ցե­լել ­Թուր­քիա­յի 1000 քա­ղա­քա­ցի»,- ը­սած է ­Լու­սի­նէ Աբ­րա­հա­մեան: Ա­նոր խօս­քով՝ տար­բեր եր­կիր­նե­րէ թան­գա­րան այ­ցե­լած են մօտ 71 պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­ներ, ո­րոնց շար­քին՝ Ապ­րիլ 24ին ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը յար­գե­լու ե­կած ­Ռու­սիոյ, Ֆ­րան­սա­յի, ­Կիպ­րո­սի եւ ­Սեր­պիոյ նա­խա­գահ­նե­րուն գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րը: Այս տա­րի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ­Յու­շա­հա­մա­լիր եւ ­Թան­գա­րան-­Հիմ­նարկ այ­ցե­լած են, հան­րա­պե­տու­թե­նէն ու սփիւռ­քէն, 16 հա­զար ա­շա­կերտ եւ ու­սա­նող: