Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՀա­յաս­տա­նի 2015 թո­ւա­կա­նի Լա­ւա­գոյն Ֆութ­պո­լիս­տը հռչա­կո­ւած է ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի ու Տորթ­մուն­տի «­Պո­րու­սիա»ի կի­սա­պաշտ­պան Հեն­րիկ Մ­խի­թա­րեան: Ան վե­ցե­րորդ ան­գամ իր աս­պա­րէ­զի ըն­թաց­քին ու հին­գե­րորդ ան­գամ ա­նընդ­հատ դար­ձած է Հա­յաս­տա­նի Լա­ւա­գոյն Ֆութ­պո­լիս­տը: «­Տա­րուան Լա­ւա­գոյն Ֆութ­պո­լիստ» ա­նո­ւա­նա­կար­գին մէջ երկ­րորդ տե­ղը գրա­ւած է Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի ու Ֆ­րան­սա­կան «­Տի­ժոն»ի պաշտ­պան Գա­յել Ան­դո­նեան: Լա­ւա­գոյն ե­ռեա­կը եզ­րա­փա­կած է հա­ւա­քա­կա­նի ու ղա­զա­խիս­տա­նեան «Ակ­թո­պէ»ի կի­սա­պաշտ­պան Մար­կոս Պի­զե­լին: Մ­խի­թա­րեան «Ոս­կէ գնդակ» մրցա­նա­կին հետ պի­տի ստա­նայ նաեւ 4 մի­լիոն դրամ պար­գեւ: Ան­դո­նեա­նի ու Պի­զե­լիի հա­մար ալ նա­խա­տե­սո­ւած է, յա­ջոր­դա­բար, 2,8 ու 2 մի­լիոն դրա­մա­պար­գեւ ու ար­ծա­թէ եւ պրոն­զէ ոս­կէ գնդակ­ներ: «­Տա­րո­ւան Լա­ւա­գոյն Մար­զիչ» ա­նո­ւա­նա­կար­գին մէջ յաղ­թած է «Ա­րա­րատ»ի գլխա­ւոր մար­զիչ Վա­րու­ժան Սու­քիա­սեան: 2րդ տե­ղը գրա­ւած է «Ա­լաշ­կերտ»ի գլխա­ւոր մար­զիչ Աբ­րա­համ Խաշ­մա­նեան, իսկ 3րդ` «­Փիւ­նիկ»ի գլխա­ւոր մար­զիչ Սար­գիս Յով­սէ­փեան: