Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սիոյ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­ներ Սէյ­րան Օ­հա­նեան եւ Սեր­կէյ Շոյ­կույ Դեկ­տեմ­բեր 23ին, Մոս­կո­ւա­յի մէջ, հա­մա­ձայ­նա­գիր ստո­րագ­րած են հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան կով­կա­սեան տա­րած­քին մէջ հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան (Հ.Օ.Պ.) միա­ցեալ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին հա­մա­կար­գի ստեղծ­ման մա­ սին:
ՌԻԱ Նո­վոս­թիի փո­խան­ցու­մով` փաս­տա­թուղ­թի ստո­րագ­րու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է նա­խա­րար­նե­րու երկ­կողմ հան­դի­պու­մէն ետք: Նաեւ՝ ստո­րագ­րո­ւած է 2016 թո­ւա­կա­նին Ռու­սիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծրա­գի­րը: Ներ­կա­յիս Ռու­սիա Հ.Օ.Պ.ի միա­ցեալ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին հա­մա­կար­գե­րու ստեղծ­ման ուղ­ղու­թեամբ կ­՛աշ­խա­տի Խրխ­զիս­տա­նի եւ Տա­ճի­կիս­տա­նի հետ: Ղա­զախս­տա­նի հետ Հ.Օ.Պ.ի հա­մա­կար­գի ստեղծ­ման հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ստո­րագ­րո­ւած է 2013 թո­ւա­կա­նին, Պե­լա­ռու­սիոյ հետ Ռու­սիոյ Հ.Օ.Պ.ի հա­մա­կար­գը ար­դէն միա­ւորուած Է: Ինչ­պէս նա­խա­պէս հա­ղորդուած է, Ա.Պ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րու խոր­հուր­դը տա­րա­ծաշրջա­նա­յին սկզբուն­քով Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եր­կիր­նե­րու հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան ու­ժե­րու ըն­դե­լու­զու­մը կը հա­մա­րէ Ա.Պ.Հ.ի Հ.Օ.Պ.ի միա­ցեալ հա­մա­կար­գի զար­գաց­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն ուղ­ղու­թիւ­նը: