Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­17 Դեկ­տեմ­բե­րի գի­շե­րը հայ­կա­կան բա­նա­կի հիւ­սի­սա­յին ուղ­ղու­թեամբ տե­ղա­կա­յո­ւած զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն մէջ տա­կա­ւին ան­յայտ պայ­ման­նե­րու տակ մա­հա­ցած զի­նո­ւոր Գոռ Օ­հա­նեան Ա­րա­րա­տի մար­զի Փոքր Վե­դի գիւ­ղէն է, կո­չու­մով՝ ա­ւագ յիս­նա­պետ: Ան ա­ւար­տած է Ե­րե­ւա­նի Վազ­գէն Սարգ­սեա­նի ա­նո­ւան ռազ­մա­կան հիմ­նար­կը եւ 4 տա­րիէ ի վեր կը ծա­ռա­յէ բա­նա­կին մէջ։ 18 Դեկ­տեմ­բե­րին «­Նիուզ»ի թղթա­կի­ցին հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի ըն­թաց­քին այս մա­սին յայտ­նած է Փոքր Վե­դի գիւ­ղի գիւ­ղա­պետ Նո­րիկ Մար­տի­րո­սեան: Ան նշած է, որ Գոռ ըն­տա­նի­քին ա­ւագ որ­դին էր, ու­նի փոքր քոյր եւ եղ­բայր, մայ­րը ման­կա­վարժ է, իսկ հայ­րը հո­ղա­գոր­ծու­թեամբ կը զբա­ղի:

- Ատր­պէյ­ճա­նա­կան հե­տա­խու­զա­կան թա­փանց­ման փոր­ձին իբ­րեւ հե­տե­ւանք զո­հո­ւած ժամ­կէ­տա­յին զի­նո­ւոր, 19ա­մեայ Ա­ղա­սի Գ­րի­գո­րեան Ա­րա­րա­տի մար­զի Ար­բաթ գիւ­ղէն էր։

Ա­ղա­սի ըն­տա­նի­քի կրտսեր որ­դին էր, ու­սա­նած էր «­Հայ­բու­սակ» հա­մալ­սա­րա­նին մէջ: Ան գար­նան պի­տի զօ­րացրուէր։

- Զո­հո­ւած զի­նո­ւոր 19ա­մեայ Ռու­բէն Ա­լեք­սա­նեան Լո­ռիի մար­զի Տա­շիր քա­ղա­քը կը բնա­կէր, ծնուն­դով Կաթ­նա­ռատ գիւ­ղէն էր, կը ծա­ռա­յէր եր­կո­ւո­րեակ եղ­բօր հետ: Այս մա­սին «­Նիուզ»ին յայտ­նած է Կաթ­նա­ռա­տի գիւ­ղա­պետ Ռու­բիկ Ղա­զա­րեան:

Գիւ­ղա­պե­տը նշած է, որ Ռու­բէն Ա­լեք­սա­նեանն ու ա­նոր եր­կո­ւո­րեակ եղ­բայ­րը տան կրտսեր զա­ւակ­ներն են: Ա­նոնց ա­ւագ եղ­բայ­րը մա­հա­ցած է Ռու­սիա՝ ար­տագ­նայ աշ­խա­տան­քի ժա­մա­նակ, իսկ միջ­նեկ եղ­բայ­րը Հա­յաս­տան կը գտնո­ւի: Ռու­բէ­նի ծնող­նե­րը եւս ներ­կա­յիս Ռու­սիոյ մէջ կ­՚աշ­խա­տին։

Ռու­բէ­նի հօ­րեղ­բայ­րը 1994 թո­ւա­կա­նին զո­հո­ւած է Ար­ցա­խի մէջ։