Շաբաթ՝ 19 Դեկտեմբերի գիշերը, ատրպէյճանական թափանցման գործողութիւններու հետեւանքով, ղարաբաղեան-ատրպէյճանական սահմանագօտիին վրայ զոհուած է 19ամեայ զինուոր Ֆիտար Ալոյեան:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը փոխանցէ, որ գիշերային գործողութեանց հետեւանքով՝ Ատրպէյճան ունի առնուազն երկու սպանեալ եւ քանի մը վիրաւոր:
Յիշեցնենք, որ աշխատանքային այցելութեամբ Ղարաբաղ մեկնած էր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան փոխանցումով՝ Օհանեան Լեռնային Ղարաբաղի իր պաշտօնակիցին՝ հազարապետ-զօրավար Լեւոն Մնացականեանի ուղեկցութեամբ, «հայկական զոյգ հանրապետութեանց զինուորական համագործակցութեան եւ գործողութիւններու համադրման ծրագրի շրջագիծին մէջ, ծանօթացած է սահմանային իրադրութեան, հակառակորդի ոտնձգութիւններուն, այսուհետեւ նպատակային կերպով հակազդելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն, հանդիպումներ ունեցած է հրամանատարական կազմին եւ պայմանագրային զինուորական ծառայողներու հետ»: