Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­19 ­Դեկ­տեմ­բեր 2015ին, ­Զուի­ցե­րիոյ մայ­րա­քա­ղաք ­Պեռ­նի մէջ, Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­քի Խըմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու միջ­նոր­դու­թեամբ, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­պում մը՝ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի խա­ղաղ լուծ­ման ջան­քե­րու ծի­րին մէջ:

Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րու հան­դի­պու­մէն ետք, ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեան հա­յաս­տան­ցի լրագ­րող­նե­րու հետ զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին նշեց, որ ­Հա­յաս­տան կը վե­րա­հաս­տա­տէ իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը՝ բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ մի­ջոց­նե­րով հաս­նե­լու հա­մար տագ­նա­պի լուծ­ման:

«­Մեր հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի այս վե­հա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ա­տի­կա կը փաս­տէ, մեր մօ­տեց­ման մա­սին կը խօ­սի, որ ­Հա­յաս­տան կը վե­րա­հաս­տա­տէ իր յանձ­նա­ռու­թիւ­նը` շա­րու­նա­կե­լու ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ ջան­քե­րը, ուղղո­ւած՝ տագ­նա­պի բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ լուծ­ման»,- ը­սաւ ­Նալ­բան­դեան:

­Սա­կայն ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը ա­ւել­ցուց, որ ցա­ւօք այ­սօր եւս յստակ դար­ձաւ, որ կող­մե­րուն մօ­տե­ցում­նե­րը չեն հա­մընկ­նիր: Այդ գծով՝ ան մե­ղադ­րեց Ատր­պէյ­ճա­նը: «­Կող­մե­րը ար­տա­յայ­տե­ցին ի­րենց մօ­տե­ցում­նե­րը տագ­նա­պի խա­ղաղ լուծ­ման զա­նա­զան տար­րե­րու, զա­նա­զան սկզբունք­նե­րու շուրջ, ո­րոնք ներ­կա­յացուած են ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ, եւ կրնան ան­գամ մը եւս վե­րա­հաս­տա­տել, որ ցա­ւօք` մօ­տե­ցում­նե­րը կող­մե­րուն մօտ չեն հա­մընկ­նիր: ­Բայց այս­տեղ ոչ միայն Ատր­պէյ­ճա­նի մօ­տե­ցում­նե­րը չեն հա­մընկ­նիր ու մօտ չեն ­Հա­յաս­տա­նի մօ­տե­ցում­նե­րուն, այ­լեւ՝ կա­րե­լի է ը­սել, որ Ատր­պէյ­ճա­նի մօ­տե­ցում­նե­րը չեն հա­մընկ­նիր եւ չեն հա­մա­պա­տաս­խա­ներ ե­ռա­նա­խա­գա­հող եր­կիր­նե­րու ա­ռա­ջարկ­նե­րուն»:

Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեան տե­ղե­կա­ցուց, թէ բա­նակ­ցու­թեանց ըն­թաց­քին քննար­կո­ւած է սահ­մա­նա­յին դէպ­քե­րու հե­տաքըն­նու­մի մե­քե­նա­կա­նու­թեան ստեղծ­ման հար­ցը, ո­րուն հետ կա­պո­ւած՝ հայ­կա­կան կող­մը վե­րա­հաս­տա­տած է իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը: Ինչ կը վե­րա­բե­րի Ատր­պէյ­ճա­նին, «հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը պա­տաս­խա­նի կը սպա­սեն»,- ը­սաւ ­Նալ­բան­դեան:

«Այ­սօր նոյն­պէս նա­խա­գահ­նե­րը քննար­կած են այդ մե­քե­նա­կա­նու­թեան ստեղծ­ման ա­ռա­ջար­կը եւ վե­րա­հաս­տա­տած, որ հայ­կա­կան կող­մե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցած են ի­րենց ար­ձա­գան­գը այդ ա­ռա­ջարկ­նե­րուն: ­Սեպ­տեմ­բե­րին ալ, Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի ծի­րէն ներս, ­Նիւ Եոր­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը վե­րա­հաս­տա­տած էին, որ ­Հա­յաս­տան ըն­դու­նած է ի­րենց ա­ռա­ջարկ­նե­րը, իսկ Ատր­պէյ­ճա­նէն կը սպա­սեն, որ ինք ալ ըն­դու­նի:

­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը

Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը, ­Զո­ւի­ցե­րիոյ մայ­րա­քա­ղաք ­Պեռ­նի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­ներ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի եւ Իլ­համ Ա­լիե­ւի մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պու­մէն ետք, հրա­պա­րա­կած են յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, ո­րուն մէջ կը նշո­ւի, թէ վե­հա­ժո­ղո­վը նա­խա­գահ­նե­րուն կա­րե­լիու­թիւն ըն­ձե­ռած է՝ ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցի ձե­ւա­չա­փով հան­դի­պու­մի մը ըն­թաց­քին, յստա­կաց­նե­լու ի­րենց դիր­քո­րո­շու­մը:

­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հրա­պա­րա­կած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կ­՚ը­սո­ւի.- «­Նա­խա­գահ­նե­րը քննար­կած են վեր­ջին շրջա­նին բռնա­րարք­նե­րու դէպ­քե­րը եւ յա­տուկ մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նած են զո­հե­րուն առն­չու­թեամբ, նե­րա­ռեալ քա­ղա­քա­յին ան­ձե­րու շրջա­նա­կին մէջ` ծանր զէն­քե­րու օգ­տա­գործ­ման պատ­ճա­ռով: ­Նա­խա­գահ­նե­րը ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նած են հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ տա­րո­ւող աշ­խա­տան­քին՝ այն ա­ռա­ջարկ­նե­րուն շուրջ, ո­րոնք ուղ­ղո­ւած են շփման գի­ծին եւ հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նին վրայ բռնա­րարք­նե­րու վտանգ­նե­րու նո­ւա­զեց­ման, նե­րա­ռեալ` հե­տաքն­նու­թեանց մե­քե­նա­կա­նու­թիւն կի­րար­կե­լուն:

«­Նա­խա­գահ­նե­րը ի­րենց պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը յայտ­նած են շա­րու­նա­կե­լու ներգ­րա­ւո­ւա­ծու­թիւ­նը՝ բա­նակ­ցա­յին լուծ­ման ա­ռա­ջարկ­նե­րուն շուրջ: Ա­նոնք նաեւ վե­րա­հաս­տա­տած են ի­րենց յանձ­նա­ռու­թիւ­նը՝ ­Մինս­քի Խմ­բա­կի ձե­ւա­չա­փին նկատ­մամբ: «­Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն պատ­րաս­տա­կամ ըլ­լալ կող­մե­րուն հետ աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րե­լու ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի խա­ղաղ բա­նակ­ցա­յին լուծ­ման միջ­նոր­դու­թեան հար­ցին մէջ»: