Նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ կայացած խորհրդակցութեան մասնակցած են Հ.Հ. վարչապետը, պաշտպանութեան եւ ելեւմուտքի նախարարները, այլ պաշտօնատար անձիք, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութիւնը եւ Զինուած Ուժերու հրամանատարական կազմը: Խորհրդակցութեան ժամանակ ամփոփուած են 2014-2015 թուականներուն իրականացած պաշտպանութեան ռազմավարական վերանայման գործընթացի արդիւնքները:
Օրակարգի ծիրէն ներս քննարկուած են Զինուած Ուժերու 2016-2020 թուականներու զարգացման ծրագիրը ու Սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերու զարգացման պետական ծրագիրը: Խորհրդակցութեան ընթացքին ներկայացուած են հնարաւոր ռազմական գործողութիւններու վարման ձեւերն ու եղանակները, Զինուած Ուժերու ղեկավարման համակարգն ու զարգացման հիմնական ուղղութիւնները, ժամանակակից սպառազինութեամբ եւ ռազմական սարքերով Զինուած Ուժերու շարունակական համալրման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքները:
Անդրադարձ եղած է Սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերու զարգացման նախորդ` 2011-2015 թուականներու պետական ծրագրի իրագործման. Արձանագրուած է, որ այն կատարուած է ամբողջութեամբ:
Պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութիւնը Հ.Հ. նախագահին վստահեցուցած է, որ զարգացման ծրագրի եւ սպառազինութեան ծրագրի իրականացումը, Զինուած Ուժերու մէջ նոր մօտեցումներու ու սկզբունքներու արմատաւորումը թոյլ կու տան զգալիօրէն աւելցնելու բանակի մարտական կարողութիւնները: